Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Պատմութան Մէջ Այսօր. ՍՊԱՐՏԱԿ ԱՂԱՍԻ ԿՆՏԵՂՑԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սպարտակ Աղասի Կնտեղցեան (Կնտեխցեան) (30 Դեկտեմբեր 1924, Լենինական – 13 Փետրուար 1996, Երեւան), ճարտարապետ, ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ (1972)։

1951-ին աւարտած է Երեւանի արուեստագիտական հիմնարկը։

1951-էն աշխատած է Երեւաննախագիծ հիմնարկին մէջ։

Լաւագոյն գործերէն են` Երեւանի «Մոսկուա» կինօթատրոնի ամառնային դահլիճը (1966, ՀԼԿԵՄ մրցանակ՝ 1967), Երեւանի նախատարերքի «Մարշալ Բաղրամեան» կայարանը (1981)։

Կնտեղցեանի մասնակցութեամբ ու նախագիծերով Երեւանի մէջ կառուցուած են Հանրապետութեան հրապարակի «Եօթն աղբիւր»՝ Երեւանի 2750-ամեակին նուիրուած աղբիւր-յուշարձանը (1968), ԵՊՀ բնագիտութեան ԳՀԻ տարալուծարաններու համալիրը (1976), Նորքի զանգուածի 7, 8, 9 խումբերը (1980), բնակելի տուներ՝ Երեւանի, Քաջարանի, Ագարակի մէջ եւ այլն։

«Տարուան լաւագոյն նախագիծ» միջազգային վերաքննութեան դափնեկիր (1995)։

1970-ին Երեւանի մէջ տեղադրուած «Ջրավաճառ տղան» քանդակի ճարտարապետն է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին