«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խաչեր Քէշիշեան (1857, Մարաշ, Օսմանեան կայսրութիւն – 26 Յունուար 1920 , Մարաշ), հայ բժիշկ։
Ծնած է 1857 թուականին Հալէպի նահանգի Մարաշ քաղաքը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրէն ներս։ Չափահաս դառնալով՝ մեկնած է Սեբաստիա եւ բժիշկ Ալթունեանի քով դեղագործութիւն ու գործնական բժշկութիւն սորված է։ 1880 թուականին ուշիմութեան եւ ամբարած մասնագիտական հմտութիւններուն շնորհիւ՝ Կ. Պոլսոյ մէջ բժշկական վկայական ստացած է։ Ժողովուրդէն ճանչցուած է «Հեքիմ Խաչեր» անունով։ Մեծ յարգանք վայելած է Մարաշի թուրք եւ հայ բնակչութենէն։ Տուեալի մը համաձայն՝ 1914 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ Զաւակներէն՝ Վարդանը (1883-1920), եղած է դեղագործ, Հմայեակը (1887-1915)` բժիշկ։
Գործունէութիւնը
Երկար տարիներ Մարաշի մէջ որպէս դեղագործ-բժիշկ աշխատած է։ 1915 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Մարաշի մէջ եղած է կառավարական առողջապահական պաշտօնեայ բժիշկ։
Սպանութիւնը
1920 թուականի Յունուար 26-ին Մարաշի աղէտին ժամանակ, թուրքերը զինք սրախողխողի ենթարկած են 63 տարեկան հասակին, անոր տունը հաւաքուած 70 հայ դրացիներուն հետ միասին։