«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եզնիկ քհնյ. Տէր Յակոբեան (1885, Չոմախլու – 13 Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ), հայ քահանայ։
Աւազանի անունով՝ Կարապետ: Ծնած է Ջոմախլու 1885ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, որուն ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք ինքզինք նուիրած է կրթական կեանքի։
Ան սրտի պարտք համարած է ծառայել իր վարժարանին։ Քանի մը տարի պաշտօնավարելէ ետք նոյն դպրոցին մէջ, նշանակուած է տնօրէն, զոր վարած է ձեռնհասօրէն։ Իսկ ժամանակ մը ետք ծննդավայրի եկեղեցւոյ համար դպրապետ նշանակուած է։
Իր վանական կրթութիւնն ու ուսումը արժեւորած է մեծապէս օգտակար դառնալով դպրոցին ու եկեղեցւոյ։
Տարիներ ետք, երբ Կարապետի նիւթական վիճակը բարելաւուած է, պատրաստուած է ամուսնութեան։
Ան ընտրած է իր կեանքի ընկերը, պսակուած է ծննդավայրին մէջ 1908ին եւ ունեցած է եօթը զաւակ:
1915ին, երբ բռնկած է Ա. աշխարհամարտը, Կարապետ զինուորագրուած է ու բանակին ծառայած չորս տարի։
1922ին ընտանեօք հաստատուած է Պէյրութ եւ մինչեւ 1935 թուական պաշտօնավարած է Ճիւնիի մէջ։ Ան իր եկեղեցական գիտելիքներով մեծապէս օգտակար դարձած է տեղւոյն հայ գաղութին։
Նախ նշանակուած է եկեղեցւոյ թաղական եւ ապա դպրոցին հոգաբարձուն։ Իր փորձառութեամբ կազմակերպած ու վերաշխուժացուցած է տեղւոյն հայ համայնքին կեանքը։
1970ական թուականներուն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը յարմար նկատած է, որ ան քահանայագործէ Պէյրութի մէջ այնքան ատեն, որքան իր առողջութիւնը կը ներէ։ Հազիւ չորս տարի ծառայած է, սակայն հիւանդութեան պատճառով անկարելի եղած է քահանայագործել։
Վախճանած է 13 Դեկտեմբեր 1974ին Պէյրութ։
Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած են Լիբանանի առաջնորդին ձեռամբ, Պէյրութի հայոց եկեղեցւոյ մէջ:
Մարմինը ամփոփուած է Պէյրութի հայոց ազգ. գերեզմանատունը






