Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԿԱՐԱՊԵՏ ԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կարապետ Իւթիւճեան (27 Հոկտեմբեր 1823, Պոլիս – 28 Յունիս 1904, Պոլիս), հայ հրապարակագիր։

Ծնած է Պոլիս (Պալաթու): Պալաթուի եւ Սամաթիոյ թաղային վարժարաններուն մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք կ’ընդունուի Սկիւտարի ճեմարանը։ Ան բախտը կ’ունենայ աշակերտելու Յովհաննէս Տէրոհենցի։ 1840ին Սկիւտարի ճեմարանը կը փակուի. ուստի Իւթիւճեան կը դիմէ ինքնազարգացման։ Չորս տարի ետք՝ 1844ին, Իւթիւճեանը կը յաջողի միանալ իր ժամանակի ուսուցիչներու փաղանգին ու կը պաշտօնավարէ Պէշիկթաշի, Սկիւտարի եւ Ենի Մահալլէի թաղային վարժարաններուն մէջ։

1848ին Կարապետ Իւթիւճեան կը մեկնի Եւրոպա։ Փարիզի մէջ կը հետեւի Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանի դասընթացքներուն. վկայուելէ ետք կարճ ժամանակի մը համար կ’անցնի Լոնտոն, ուրկէ Պոլիս կը վերադառնայ 1851ին։

 

Գործունէութիւն

2 Փետրուար 1852ին Իւթիւճեան կը սկսի խմբագրել «Մասիս»ը («Հայաստան» թերթի անունը փոխուած «Մասիս»ի): Մինչեւ 1884 «Մասիս»ը անխափան լոյս կը տեսնէ, սակայն 1884էն ետք կարճ ժամանակի մը համար Իւթիւճեան Արփիար Արփիարեանի «Արեւելք»ին կը միացնէ իր թերթը։ 1890ականներուն դարձեալ անջատաբար լոյս կը տեսնէ։

Մինչեւ մահ Իւթիւճեան անձամբ կը հսկէ եւ կը ղեկավարէ իր թերթին հրատարակութիւնը, որ պոլսահայ մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր բեմը կը մնայ տասնամեակներ շարունակ։

Ան կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ եւրոպական գրականութեան գլուխ-գործոցներէն։

28 Յունիս 1904ին կը մահանայ Պոլիս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին