«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ներսէս Վարժապետեան (աւազանի անունը՝ Պօղոս Ստեփան Վարժապետեան, 28 Յունուար 1837, Կոստանդնուպոլիս, —26 Հոկտեմբեր 1884, Կոստանդնուպոլիս), եկեղեցական, հասարակական, քաղաքական գործիչ, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք (1874):
Ուսումը ստացած է Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ։ 1853էն զբաղած է ուսուցչութեամբ Ադրիանապոլսոյ, Տարսոնի եւ Նիկոմեդիոյ մէջ։ 1862ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Օգտուելով 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Հայկական հարցի արծարծման համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններէն՝ Վարժապետեան Թուրքիոյ մէջ 9 եպիսկոպոսներու անունով խնդրագիր կը ներկայացնէ կայսր Ալեքսանտր IIին՝ Ռուսիայէն հայցելով արեւմտահայերու պաշտպանութիւնը (Եւրոպական քրիստոնեաներու օրինակով): Վարժապետեան մեծ եռանդ ներդրած է 1878 թուականի Սան Սթեֆանոյի պայմանագրին մէջ արեւմտահայերու մասին յատուկ (16րդ) յօդուած մտցնելու եւ Հայկական հարցը Պեռլինի քոնկրեսին մէջ (1878) քննելու գործին մէջ, որուն համար ալ վեհաժողով ուղարկած է հայկական ազգային պատուիրակութիւն՝ Մկրտիչ Խրիմեանի գլխաւորութեամբ։ Վարած է շրջահայեաց քաղաքականութիւն Բարձրագոյն դրան, Ռուսիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ անոնց բարեացակամ վերաբերմունքը հայկական հարցին մէջ շահելու ակնկալիքով։ 31 Մայիս 1879 թուականին դիմած է եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն՝ նշելով Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ ընելու անհրաժեշտութիւնը՝ Պեռլինի դաշնագրի 61րդ յօդուածը գործադրելու համար, սակայն ապարդիւն։ Անպատասխան մնացած են նաեւ Բարձրագոյն դրան ներկայացուած բազմաթիւ յուշագիրերը։ 1884ին ընտրուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս, սակայն առողջական ծանր վիճակին պատճառով հրաժարած է հոգեւոր առաջնորդի տիտղոսէն։ Հայաստանի ազատագրութեան ուղին Վարժապետեան համարած է հայութեան ազգահաւաքումը, խաղաղ շինարարութիւնն ու դիւանագիտական միջոցները: