«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալեքսանտր Սարուխան ծնած է 1898-ի Հոկտեմբերի 1-ին Արտանուշի մէջ, Կովկաս: 1909-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Կ. Պոլիս եւ ուսումը շարունակած տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանէն ներս:
1915-ին աւարտելով ուսումը, օրապահիկը ապահովելու համար սկսած է աշխատիլ որպէս թարգմանիչ: 1922-ին ճամբորդած է Պելճիքա, ապա» հօրեղբայրը զինք ուղարկած է Վիեննա հետեւելու գեղանկարչութեան:
Սարուխան 1924-ին մեկնած է Եգիպտոս հրաւէրովը եգիպտացի լրագրողի մը որպէս աշխատակից «Էլ- Կարիտա էլ-Մուսաուարա» թերթին: 1925-ին սկսած է գծել ֆրանսական «Լա-Լիպէրասիոն» թերթին համար, զուգահեռաբար աշխատելով որպէս գծագրութեան ուսուցիչ: 1925-ին իր ընկերներէն մէկուն հետ հիմնած է երգիծական շաբաթաթերթ մը» «Հայկական Սինեմա» հայերէն լեգուով:
Սարուխան Մայիս 7, 1927-ին կազմակերպած է իր գործերուն առաջին ցուցահանդէսը եւ նոյն տարին սկսած գործօն մասնակցութիւն բերել եգիպտական լրագրութեան, աշխատանքի անցնելով «Ռոզ էլ-Եուսէֆ»էն ներս: 1934-ին փոխադրուած է «Ախէր Սա’ա» ուր 12 տարի գործակցած է մեծ լրագրող Մուհամէտ էլ Թապիի հետ: 1939-1942 ֆրանսերէն լեզուով հրատարակած է «Լա-քարաւան» երգիծաթերթը: 1946-ին «Ախպար էլ Եոմ»ի, իսկ 1952-ին «Ախպար» օրաթերթի քաղաքական երգիծանկարչական բաժնի տնօրէն ընտրուած է 1952 Յուլիս 23-ի յեղափոխութեան ժամանակ Սարուխան իր հանճարը ի գործ դրած է ի նպաստ արաբական հարցին, որուն համար նախագահ Կամալ Ապտ էլ Նասէր Սարուխանի շնորհած է եգիպտական հպատակութիւն:
1960-ին ամերիկեան «ժողովուրդէն ժողովուրդին» մրցանակի դատակազմը միջազգային 13 այլ երգիծանկա֊րիչներու կողքին Ալեքսանտր Սարուխանը ընտրած է որպէս մրցանակակիր: 1968-ին տեղի ունեցած է Սարուխանի գործերուն ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ: 1973-ին, Մոնթրէալի միջազգային ցուցահանդէսին, յատուկ տաղաւարի մը մէջ Սարուխան ցուցադրած է իր գլուխ գործոցները, որուն համար արժանացած է «Երգիծանկարչութեան ռահվիրայ» տիտղոսին: Սարուխան ցուցահանդէսներ ունեցած է Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ՝ ինչպէս նաեւ Գանատայի, Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ : 1945-ին հրատարակած է «Այս Պատերազմը» գիրքը ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ 1962-ին՝ «Մենք մեր Ակնոցով» երգիծանկարներու հատորը եւ ապա «Տես Խօսքերդ», ինչպէս նաեւ «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» եւ այլ թատերախաղեր:
Սարուխան երգիծանկարած է Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն եւ Ցակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները»: Սարուխան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Գահիրէի ազգային, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններէ ներս: Ան մահացած է Յունուար 1, 1977-ին: