Ստեփան Բաբելեան (3 Դեկտեմբեր 1875, Կ. Պոլիս- 17 Օգոստոս 1960, Իսթանպուլ), հայ երգահան եւ դաշնակահար։ Շրջանաւարտ Պէրպէրեան վարժարանէն, պոլսահայ երաժշտական շարժումի առաջատար մշակներէն. 1906-էն ի վեր դաշնակի անխոնջ ուսուցիչ, որ իր արուեստագէտի խառնուածքին կը միացնէ հոգեբան մանկավարժի արժէքաւոր յատկութիւններ: Կարելի է ըսել, որ իւրաքանչիւր աշակերտի համար մասնաւոր մեթոտ մը ունի. մեթոտ, որ պիտի համապատասխանէր անձի ֆիզիքական եւ մտաւոր կարողութիւններուն:
Դաշնակի առաջին դասերը առած է իր քրոջմէն՝ Նազիկ Աբէլեանէն: Անկէ ետք ան ինքնաշխատութեամբ, հետեւողական ջանքերով ու նուիրումով ստեղծած է սերունդ մը, որ իր կարգին այսօր ուսուցանելու ասպարէզը ընդգրկած է: Իբրեւ երաժշտական քննադատ՝ Ս. Բաբելեան իր կենդանութեան օրօք մեծ համբաւ կը վայելէր: Ան թափանցելու եւ յստակօրէն վերլուծելու իր կարողութիւններուն կը միացնէր ճաշակաւոր եւ նուրբ գրողի ճշմարիտ ձիրքեր, կշռութաւոր ոճ, հիւմոր, պայծառ դատողութիւն եւ յստակ վճիռներ:
Ստեփան Բաբելեան ունի նաեւ վիպակ մը, որ «Հանրագիտակ» թերթին մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ետք 1900-ին առանձին գիրքով լոյս տեսած է:
1959 թուականին Պոլսոյ մէջ նշուած է անոր երաժշտական գործունէութեան 60-ամեակը: