Կիրակի, 19. 05. 2024

spot_img

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (5)

«Թուղթ առ Երեւան»-ը թափանցած էր ժողովրդային գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Ես կը յիշեմ կօշիկի արհեստանոցի մէջ,– ուր ազատ ժամերուս աշկերտութիւն կ’ընէի, որպէսզի վարձած վէպերուս  ծախսը հոգայի,–  վարպետ մը, որ, կաշիներու կոյտի մը գագաթը թառած, բարձրաձայն «Թուղթ առ Երեւան» կը կարդար, իսկ քանի մը տասնեակ արհեստաւորներ եւ անոնց աշկերտները յափշտակուած մտիկ կ’ընէին՝ մերթ ընդ մերթ ընդմիջելով՝ լուսաբանելու համար  բառ մը, միտք մը, պատմական իրողութիւն մը, որոնք բոլորին մատչելի չէին:

            Իսկ «Նայիրի» շաբաթաթերթը կը վայելէր համաժողովրդական նոյն համակրանքը, եւ  մարդիկ անհամբեր կը սպասէին անոր լոյսընծայման  օրը, ժամը, շուկայ հասնելու պահը: Շատ պատահած է, որ ուրբաթ  կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Արաքս թաղի մուտքին, գրավաճառ Նուպարի առջեւ թերթ սպասեմ, եւ ինծի հետ ուրիշներ ալ:  Շատերուն համար «Նայիրի» կարդալը, աւելի քան որեւէ այլ գրականութիւն, վարկի ու ճաշակի չափանիշ էր  ձեւով մը, եւ սովորական երեւոյթ էր  փողոցը հանդիպիլ անցորդներու, որոնք անոր մէջը թաղուած   երթային իրենց ճամբան կամ զայն ծալած    ցուցականօրէն բաճկոնին գրպանը դրած քալէին՝ անունը  տեսանելի դիրքով:

            Իր գոյութեան ողջ տեւողութեան  ան ոչինչ կորսնցուց իր հմայքէն եւ շարունակեց մնալ գուրգուրանքի նոյն առարկան մինչեւ իսկ պատերազմի ամենադաժան տարիներուն: Չտոկացողը ի՛նք՝ Ծառուկեանը, եղաւ, որ ի վերջոյ լքեց  ամէն ինչ ու հեռացաւ գաղութէն,– շատ զարմացնելով իր բարեկամները  այս անակնկալ որոշումին  առթիւ,–  հաստատուելու  համար Ֆրանսա ու այնտեղ ալ կնքելու համար իր մահկանացուն՝ գրեթէ անտեսուած ու  մոռցուած:

            Ինչ որ սակայն ամէնէն աւելի ժողովրդականացուց  Ծառուկեանը՝ եղան անոր կազմակերպած գրական վճարովի դասախօսութիւնները, որոնց ակնարկած է ան իր յուշերուն մէջ եւս եւ որոնց ծննդոցին ու ընթացքին մենք ականատես վկաները եղած ենք օրին:

            Կը թուի, թէ  վարչութիւնը այն սրահին, ուր տեղի պիտի  ունենային այդ դասախօսութիւնները, թելադրած էր իրեն՝  հեռու կանգնիլ նիւթական ակնկալութիւն սնուցելու  ցնորական գաղափարէն.

            – Եղբա՛յր, աչքդ սիրեմ, մենք ձրի դասախօսութիւն կը կազմակերպենք՝ եկող չկայ, դուն վճարովի՞ պիտի բերես զանոնք, տեսնուած բա՞ն է, ո՞ւր կ’ապրինք կոր,– զգուշացուցած  կ’ըլլան անոնք «իրապաշտօրէն»  ու սրտցաւօրէն:

                                                                             *   *   *

            Այսուհանդերձ Ծառուկեան հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ, եւ գրական այդ դասխաօսութիւններու շարքը տեղի ունեցաւ աննախընթաց ու աներեւակայելի յաջողութեամբ, քաղաքակրթական ամենաբարձր որակով, կազմակերպութեամբ  ու ճաշակով, ուր  արեւմտահայը սկսաւ գառնուկի պէս վճարել գրական երեկոյթի մը վայելքը ունենանլու համար ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը վճարէր շարժապատկերի սրահ, թատրոն  կամ  ճաշարան յաճախելու համար, եւ առաջին զարմացողները արդարօրէն կ’ըլլան զինք այնքան սրտցաւ զգուշացնողները:

            Հայոց   պատմութեան մէջ չգրուած էջ մըն էր այս:

            Եւ այդ  սխրանքը գործուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ:

            Կրնա՞ր տարբեր ըլլալ…

            Դասախօսութիւնները տեղի կ’ունենային յորդուն սրահներու մէջ, ուր յաճախ պէտք կ’ըլլար յաւելեալ աթոռներ բերել պահեստէն: Անոնք կը շօշափէին ընդհանրապէս գրական,  բայց նաեւ պատմական,  մշակութային այլազան նիւթեր:

            Դասախօսները տեղացի մտաւորականներ էին՝ գրողներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային ծանօթ դէմքեր, այլ խօսքով՝ գլուխները լեցուն եւ գրպանները պարապ մարդիկ: Խօսողները ընդհանրապէս մէկ, հազուպագիւտ երկու հոգի կ’ըլլային, որոնք կը խլէին մօտաւորապէս մէկ ժամ: Փակումը անպայման ինքը՝ Ծառուկեանը,  կը կատարէր՝ իր կարգին խլելով մօտաւորապէս 3-5 վայրկեան, եւ գրասէրները կը մեկնէին լաւագոյն տրամադրութեամբ՝ երբեմն փողոցին մէջ, այստեղ-այնտեղ կազմելով փոքրիկ խումբեր եւ  իրարու փոխանցելով ստացուած տպաւորութիւն մը  կամ աշխուժօրէն  բանավիճելով ինչ-որ  տեսակէտի  մը շուրջ:

            Մենք անշուշտ օրին չէինք կրնար իմանալ այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որ Ծառուկեան ինք հետագային  հայթայթած  է իր յուշերուն մէջ , ինչպէս հետեւեալը. ուրեմն այդ դասախօսութիւններու եկամուտով կարելի դարձած է օրուան բանախօսին վճարել այնպիսի գումար մը, որ կը համապատասխանէր անոր մօտաւորապէս մէկ լրիւ ամսականին, վճարել նաեւ սրահին վարձը եւ յարակից մանր-մունր ծախսեր, եւ ի վերայ այսր  ամենայնի՝ «կոկիկ գումար» մըն ալ  ձգել «Նայիրի»-ի  գանձանակը, որ սովորապար միշտ պարապ կ’ըլլար:

                                                                    *   *   *

            Կը յիշեմ յատկապէս անոնցմէ մէկը, որ նուիրուած էր Մատթէոս Զարիֆեանին:

            Զարիֆեան ընդհանրապէս անծանօթ եղած է  լիբանանահայուն մինչեւ 50-ական թուականները, երբ անոր՝ գաղութս հաստատուած քոյրերը՝ Լիւսի Թոսպաթն ու  Սիրան Զարիֆեան-Սեզան,   եւ քեռաղջիկը՝ Եոլանտ Աճեմեանը,  ձեռք-ձեռքի տուած հրատարակեցին անոր մէկ շքեղ հատորը՝ խմբագրութեամբ Վահէ-Վահեանի.  ան կ’ընդգրկէր բանաստեղծութիւնները, արձակ էջերը, նամակներն ու օրագրութիւնը: Միւս  կողմէ՝ գրեթէ միաժամանակ  «Հայկարան»-ի շարքերուն մէջ  երեւցան  անոր կարգ մը գրութիւնները, մասնաւորաբար «Երկու աւերակները»  գլուխգործոցը, որ շուտով իւրացուեցաւ հանրութեան կողմէ եւ դարձաւ մեր բեմերու  զարդը:

            Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ անոր յատկացուեցաւ «Նայիրի»-ի հերթական դասախօսութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները  լրիւ մոռցած եմ, բացի մէկէն, որ շատ խոր դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ:

            Ուրեմն օրուան դասախօսը աւարտած էր իր խօսքը, երբ դանդաղօրէն ու կաղ ոտքը յուշիկ քարշ տալով բեմ բարձրացաւ Ծառուկեան: Պահ մը լռեց, ինչպէս սովորութիւնն էր ամէն խօսք առնելէ առաջ, եւ  իրեն յատուկ աննշմար ու խորամանկ  քմծիծաղովը՝ գոհունակ ակնարկ մը նետեց  սրահը յորդեցնող ունկնդիրներուն վրայ, որոնք անհամբեր էին լսելու իր «հուսկ բանքը». եւ ինք գիտէր, որ այդ այդպէս էր: Ապա հանգիստ սկսաւ՝ քանի մը բառով  լարելով ու գրաւելով  ներկաներուն  ուշադրութիւնը ու հետզհետէ հասաւ տեղ մը, ուր  ան մեր բանաստեղծները հերթով նմանցուց զանազան խմիչքներու, մէկը՝ օղիի, միւսը՝  ուիսքիի, ուրիշ մը՝ գինիի, չորրորդ մը՝ կոնեակի, հինգերորդ մը  գարեջուրի,– որոնց բոլորին   քաջածանօթ էր անշուշտ իր քիմքը,– իսկ գալով Զարիֆեանին…

            Ունկնդիրները սկսան տարակուսիլ եւ իրարու երես նայիլ՝ հարցական նայուածքով մը,   թէ այլեւս որեւէ խմիչք չմնաց աշխարհի վրայ, հապա ինչի՞ պիտի նմանցուի մեր հէգ Զարիֆեանը:

            Այս մտմտուքին մէջ էին ներկաները, երբ՝

            – Մատթէոս Զարիֆեան  հայ քնարերգութեան զուլալ ու սառնորակ ջո՛ւրն է, – եզրակացուց  գոհունակ ու ինքնավստահ ժպիտով մը, որ կը լուսաւորէր անոր դէմքը ամէն անգամ, որ գրական-գեղարուեստական յաջող գիւտ մը ընէր:

            Եւ ահա սրահը թնդաց խելայեղ  ծափերու  ուժգին  որոտին տակ:  

            Այն օրը Ծառուկեան բեմէն իջաւ՝ հաւանաբար այնքան յաղթական, որքան Տը Կոլ անկէ քանի մը տարի առաջ մուտք կը գործէր նացի գրաւումէ ազատագրուած Փարիզի Concorde հրապարակը:

 

 

Մատթէոս Զարիֆեանէն (1894–1924)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին