Կիրակի, 19. 05. 2024

spot_img

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Հերթական Անգամը Ըլլալով Կ՛առանձնանայ Համալիբանանեան Մակարդակի Իր Նուաճումներով

Երկրորդ տարին ըլլալով Լիբանանի մէջ կը կազմակերպուի համալիբանանեան SNIPS SCHOOLS BASKETBALL CHAMPIONSHIP. համալիբանանեան վարժարաններու պասքեթպոլի տղոց խումբերու մրցաշարքը:

Այս տարի  Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը հանդիսացաւ  Լիբանանի հայկական այն միակ վարժարանը, որ 52 տեղական վարժարաններու շարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ մարզական այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան:

Դժուար յաղթահարելի հանգրուաններ անցնելով Ս. Խաչ – Հարպոյեանի տղաքը իրենց վարժարանին համար ապահովեցին պատուաբեր արդիւնքներ, մրցելով Լիբանանի լաւագոյն վարժարաններու խումբերուն դէմ:

Մրցաշարքին դժուարին երրորդ հանգրուանը մեծ յաջողութիւններով թեւակոխելէ ետք անկէ պատուով դուրս եկած  հայկական մեր խումբը փաստեց, որ ինք կրնայ ապագային լաւագոյն արդիւնքներու հասնիլ, բարձր պահելով Լիբանանահայ դպրոցին անունը:

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ հայակերտումի իր առաքելութեան առընթեր, լաւագոյնը կ՛ընէ իր աշակերտներուն մէջ մարզական ոգին ու ազնիւ մրցակցութեան մշակոյթը բարձր պահելու համար, որ ակադեմականին կողքին, լաւագոյն միջոցն է մեր սերունդներէն լաւ քաղաքացի եւ արժանապատիւ մարդ յառաջացնելու:

Այս առիթով պէտք է սրտագին շնորհաւորել  աշակերտական խումբին իւրաքանչիւր մարզիկը ինչպէս նաեւ անոր նուիրեալ մարզիչ՝ Լիբանանեան մարզական կեանքի մէջ հանրածանօթ անուն ունեցող Ժոզէֆ Արապեանը, եւ դպրոցին երիտասարդ տնօրէն Արամ Գարատաղլեանը, որուն անզուգական ջանքերով է, որ դպրոցը մշտապէս կը յառաջդիմէ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին