Ամերիկեան «Тhe Daily Caller» պարբերականը հրապարակած է այն 5 լեզուներու ցանկը, որոնք բաւականին հետաքրքրական են սորվելու համար:
Հինգ լեզուներէն մէկը, որուն համար արժէ ժամանակ տրամադրել, ըստ յօդուածի հեղինակներուն, հայերէնն է:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որ կ’առանձնանայ բազմաթիւ բացառիկ յատկանիշներով: Անիկա կրնայ բարդ թուիլ, բայց միեւնոյն ժամանակ սորվիլը բաւականին հետաքրքրական կ’ըլլայ»,- Panorama.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ պարբերականը:
Կը նշուի նաեւ, որ Հայոց այբուբենը, որ ունի 38 տառ, ստեղծուած է 405 թուականին` Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար: Ըստ աղբիւրին` հայերէնը կը կրէ յունարէն, պարսկերէն լեզուներու ազդեցութիւնը:
Ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ լեհերէնը, ռուսերէնը, հունգարերէնն ու ռումաներէնը: