Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի Աշակերտութեան Անմոռանալի Հանդիպումը Հայոց Բանակէն Սարգիս Ստեփանեանի Հետ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 6-էն 12րդ դասարաններու աշակերտութիւնը վայելեց ներկայութիւնը Հայոց բանակի հրամանատար, աշխարհի բազկամարտի եռակի ախոյեան Սարգիս Ստեփանեանի, ընկերակցութեամբ իր կնոջ՝ Արմինէին, տէր եւ տիկ. Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն եւ վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ տէր եւ տիկ. Գէորգ եւ Լիզ Զօրեաններուն:

Հիւրերը դիմաւորուեցան շուրջ 300 աշակերտներու ծափողջոյններով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեան: Ապա խօսքը տրուեցաւ օրուան հիւրին, որ ականի պայթումի հետեւանքով 2014-ին կորսնցուցած էր երկու սրունքները եւ մէկ թեւը, երբ փորձած էր օգնութեան հասնիլ զինուոր ընկերոջ:

Ստեփանեանի խօսքը դիպուկ էր: Ան պատմեց բանակին, Արցախին, իր վիրաւորուելուն, հայրենիքին ու մեր զինուորներուն մասին: Ստեփանեան նաեւ մարզիկ է, բազկամարտով (arm wrestling) կը զբաղի եւ աշխարհի մրցումներու եռակի յաղթող է՝ հաշմանդամութիւն ունեցողներու շարքին:

Ան խօսեցաւ նաեւ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին (Armenian Wounded Heroes Fund) մասին, որուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ եկած է ան՝ հանգանակութեան օժանդակելու համար:

Այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է երկու տարի առաջ, Ապրիլեան պատերազմէն ետք, եւ մինչեւ հիմա 600 հազար տոլարի օգնութիւն փոխանցած է Արցախի մեր սահմանները պահպանող զինուորներուն:

11-րդ դասարանէն Քրիսթին Յակոբեան եւ 12-րդ դասարանէն Հայկ Մխսեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը եւ թէ ի՛նչպէս ամէն տարի մեր դպրոցի աշակերտները կ’օգնեն հայ զինուորներուն: Արտասանութիւններով հանդէս եկան 6-րդ դասարանցիներ Անի Յակոբեան եւ Նիքոլ Զիպտէա:

Հանդիպումին անակնկալը պատահեցաւ, երբ 11-րդ դասարանէն Սերկէյ Ասատրեան, 12-րդ դասարանէն Արթուր Տէր Պօղոսեան եւ տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեան բազկամարտի «ձեռնոց նետեցին» մեր հիւրին: Տրամադրութիւնները հասան իրենց գագաթնակէտին: Եւ յաղթե՛ց… Հայաստանը, Արցախը, Հայ ժողովուրդը:

Աւարտին, տնօրէնուհի Աւանէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ստեփանեանին եւ անոր կնոջ՝ Արմինէին, որուն ուսերուն դրուած է ծանր պարտականութիւն մը այսօր: Անոնց փոքրիկ նուէր մը, ինչպէս նաեւ դպրոցական յուշանուէրներ յանձնելէ եւ խմբային յիշատակի լուսանկարէ մը ետք հիւրերը մեկնեցան:

Իր տեսակին մէջ եզակի եւ շատ ոգեւորիչ հանդիպում մըն էր, որ երկարօրէն պիտի մնայ աշակերտութեան յիշողութեան մէջ:

Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին