Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Պաքուն Հայերը Կը Մեղադրէ Մոսկուայի Մէջ Աղբամանները Ազրպէյճանի Դրօշի Գոյներով Ներկելուն Մէջ

Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած են Մոսկուայի «Մէկա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղադրուած աղբամաններու լուսանկարները, որոնք, իբր, ներկուած են ազրպէյճանական դրօշի գոյներով: Աղբամաններուն վրայ նաեւ գրուած է` «Գոյնը նշանակութիւն ունի»: Ըստ «PanArmenian.net»-ի՝ ազերիները այս պատճառով համար կը մեղադրեն հայերը:

Լուսանկարը զայրացուցած է ազերիները եւ ո՛չ միայն շարքային քաղաքացիները, այլ նաեւ քաղաքական գործիչները, որոնք կատարուածին մէջ վիրաւորանք եւ սադրանք կը տեսնեն հայերու կողմէ:

Ի դէպ, աղբամանները սովորական տեսք ունին, բաժնուած են երեք տարբեր գոյներու եւ մասերու. կապոյտը նախատեսուած է թուղթի համար, կարմիրը` կերպընկալի, կանաչը` այլ աղբի:

Ըստ ազրպէյճանցիներու, սադրանքին նպատակը Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ հանդէպ դժգոհութիւն յառաջացնելն է։

«Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործկոմի քաղաքական վերլուծութեան եւ կանխատեսման բաժինի վարիչ, ռուս-ազրպէյճանական միջխորհրդարանական կապերու աշխատանքային խումբի անդամ Այտին Միրզազադէն յայտարարած է. «Մեզի կը վշտացնէ, որ աղբամանները ներկուած են ազրպէյճանական դրօշին գոյներով: Ասիկա վիրաւորանք է Ազրպէյճանի հանդէպ: Կը կարծեմ, Ռուսիան շուտով կը լուծէ այդ խնդիրը»:

Ըստ անոր՝ այդ արարքին ետեւը կանգնած են Ազրպէյճանը չսիրող ուժերը, կը գրէ «BAKU.WS»-ը:

«Սադրանքին նպատակը Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ հանդէպ դժգոհութիւն յառաջացնելն է: Հնարաւոր է, պատճառը ռուսական զէնքի նոր խմբաքանակի գնումն է: Սփիւռքահայերու որոշ շրջանակներ կը փորձեն այդ կերպով փճացնել երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները: Ես շատ կը փափաքէի, որ այդ հարցը դառնար Ռուսիոյ մէջ Ացրպէյճանի դեսպանութեան ուշադրութեան առարկան եւ մեղաւորները պատժուէին: Եթէ հարցը չլուծուի, մենք պաշտօնապէս պիտի դիմենք: Բայց ես վստահ եմ, որ արդէն այսօր հարցը լուծում պիտի ստանայ»,- ըսած է Միրզազադէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին