Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

Քաջակորով Խմբագիրն Ու Հրապարակագիրը

*ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ*

Հետեւեալը Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի «88 + Յաւերժ» Յուշահանդէսին,  իր երկարամեայ բարեկամ, գործակից եւ պաշտօնակից Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանի արտասանած բովանդակալից խօսքին ամբողջութիւնն է:

«Խմբ.»

Հազիւ համալսարանաւարտ՝ նուիրուած էի գրադարանագիտութեան ու գրադարանավարութեան ասպարէզին՝ ատենի Հայկազեան Գոլէճի եւ այժմու սփիւռքահայ միակ համալսարանին մէջ: Այդ մասնագիտութիւնն էր, որ 1968-ին զիս առաջնորդած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եր. Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի գրադարան, եւ ապա 1973-ին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մատենադարան, Հայկազեանի պատասխանատուներուն գիտակցութեամբ, նոյնիսկ քաջալերանքով, որպէսզի այդ զոյգ գրադարաններու հաւաքածոները կարգի դնէի դասաւորման եւ համարակալման Dewey միջազգային մեթոտով: Անշուշտ այցելուի հանգամանքով, արձակուրդի կամ ազատ օրերու:

1969-ի կրթական վերամուտը կը մօտենար: Յետմիջօրէ մըն էր: Պէյրութի համար սովորական խոնաւ ու չափազանց տաք, որ աւելի կը շեշտուէր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի վերջին՝ չորրորդ յարկը գրաւած Երուանդ Հիւսիսեան Հիմնարկի գրադարանին մէջ:

Աշխատանքով տարուած՝ յանկարծ զգացի ներկայութիւն մը, որ այդ օրերուն եւ այդ ժամերուն քիչ մը անսովոր էր: Երիտասարդ, նիհար կազմով, սեւին մօտեցող մօրուքով եւ թեթեւօրէն նահանջած մազերով կղերական մը լուռ կը հետեւէր աշխատանքիս: Ծանօթացանք: Զմմառեան միաբանութեան անդամ էր: Մէկ-երկու տարիէ ի վեր, այցելու դասախօս որպէս, կը պաշտօնավարէր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին եւ Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնին մէջ: Մոռցած աշխատանքս՝ երկար զրուցեցինք քիչ մը ամէն բանի մասին՝ գրադարանայինէն մինչեւ մշակութային ու ազգային հարցեր շօշափող: Երիտասարդ Վարդապետը կը կոչուէր Անդրանիկ Կռանեան: Այդ հանդիպումէն ծնաւ ծանօթութիւն մը, որ շատ կարճ ժամանակ ետք վերածուեցաւ բարեկամութեան, որ յառաջիկայ տարի պիտի դառնար 50 տարեկան, եթէ…

Հանդիպումէն շաբաթ մը ետք ստացայ հրաւէր մը՝ միանալու խմբակի մը, որ ինձմով դարձաւ հինգ կամ վեց: Այդ խմբակը Յովսէփ Մելքոնեան Սիրան Սեզա Զարիֆեանէն ստանձնած էր «Երիտասարդ Հայուհի»ի արտօնագիրը: Եւ 1969 թուականի Դեկտեմբերի 27-ին լոյս տեսաւ «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթի առաջին թիւը:

1965-ը Յիսնամեակն էր Մեծ Եղեռնին՝ Հայասպանութեան, ինչպէս իրաւացիօրէն բնորոշած է զայն Մեթր Մուսա Փրենս, հայոց մեծ բարեկամ իրաւաբանը: Հաւատացէ՛ք՝ Հայասպանութիւնը աւելի զօրեղ ու դիպուկ կը հնչէ քան Ցեղասպանութիւնը:

Ճիշդ է, որ Յիսնամեակը համախումբ տօնեցինք եւ այդքան…: Երիտասարդութեան մեծ հատուածի մը համար ակնկալուած շրջադարձային յեղաշրջումը չարձանագրուեցաւ: Ծնաւ յուսախաբութիւն մը, որ առաջնորդեց յուսալքումի, որ իր կարգին արտայայտուեցաւ զանազան երեւոյթներով. մեկուսացում, անտարբերութիւն, ընդվզում, անզօրութիւն…:

Անդրանիկ Վրդ. 1969-էն մինչեւ 1973, եւ ապա նուազ թափով՝ մինչեւ 1975 Մարտ 25 մաս կազմեց, բուռ մը երիտասարդ գործակիցներով, «Երիտասարդ Հայ»ին, որ հաւաքական պոռթկումի մը արդիւնքն էր հանդիսացած ատենին, շատերուն,- կազմակերպութիւն թէ անհատ,- հանգիստն էր խանգարած, յաճախ հալածուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած, սակայն միաժամանակ գնահատուած յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ:

«Երիտասարդ Հայ» պոռթկումը յառաջացնողները եղան խմբակի մը ափի մը մատներուն թիւով խենթ տղաք: Խենթը՝ չակերտաւոր կամ առանց չակերտի: Կռանեան Վարդապետը այդ տղոց երիցագոյնն էր: Այդ օրերուն այդ խենթերէն մէկը՝ նա՛եւ ե՜ս, 28 տարու, տարիքով կը յաջորդէի իրեն: Միւսները՝ ե՛ւ հինգի անդամ ե՛ւ մեր շուրջ համախմբուած տղաք, ընդհանրապէս համալսարանական ուսանողներ էին: Համահաւասարներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Անդրանիկ Վարդապետը: Թէ՛ փորձ ունէր կուտակած, թէ՛ հայերէնը հիանալիօրէն իւրացուցած, կատարելագործած, եւ թէ՛ առինքնող ու հմայող բնաւորութիւն: Զուսպ նախադասութիւններով, երբեմն քանի մը բառերով ունէր հզօր կարողութիւնը պայթուցիկ վիճակներ ստեղծելու, հասուն եւ հասունցած միտքեր մատուցանելու, անփորձ կամ նոր ճանապարհ սկսած տղաքը ոգեւորելու, խանդավառելու եւ անոնց մտածողութեան սլացք ներշնչելու:

«Երիտասարդ Հայ»ը մեր բոլորին համար եղաւ հիանալի փորձադաշտ մը, ուր առաւել եւս կոփուեցանք մենք, կոփեցինք մենք զմեզ, անկաշկանդ արտայայտուելու ունակութիւնը զարգացուցինք, համտեսեցինք հաւաքական աշխատանքի բարիքները, ճշմարտութիւնները, դրական ու բացասական, ընդունելու, դիմագրաւելու գիտակցութիւնը արմատաւորեցինք մեր մէջ: Մեզի առաջնորդ ունենալով մի՛շտ Վարդապետը:

Աջէն ու ձախէն եկող անհանդուրժողութիւնը «Երիտասարդ Հայ»ի հանդէպ՝ կորովով դիմագրաւուեցաւ, երբեմն՝ նաեւ ընկրկումով: Յաճախ տեղի-անտեղի բանադրուեցաւ ան քիչ մը ամէն կողմէ: Հինգ տարի լուռ մնալէ ետք, Անդրանիկ Ծառուկեան, իր «Նայիրի»ին մէջ, պիտի հրատարակէր «Երիտասարդ Հայ» վերնագրով յօդուած մը, ուր, ի միջի այլոց պիտի գրէր. «Ի սրտէ մաղթող ենք, որ այս երիտասարդական ձայնը չլռէ, նոյնիսկ եթէ այդ ձայնը հաճելի չթուի ոմանց: Մենք եւս շոյուածներէն չենք իր էջերուն մէջ: Բայց այդ բոլորը մանրուքներ են: Մեզմէ տարբեր մտածողները հանդուրժել առաքինութիւն մըն է ինքնին: Իսկ երբ երիտասարդն է հակաճառողը, հանդուրժելը պէտք է դադրի առաքինութիւն մը ըլլալէ եւ դառնայ պարտականութիւն մը: Այսպէս միայն կրնայ շարունակուիլ սերունդներու յաջորդականութեան ամուր շղթան»: («Նայիրի», 16 Փետրուար 1975):

Ուշ էր արդէն: Կուտակուած նիւթական պարտքը, շրջապատի քարացած մտայնութիւնը, հորիզոնին գծագրուող 1975 Ապրիլի բռնկումը, որ իր ամբողջական յորձանապտոյտին մէջ պիտի առնէր ամբողջ Լիբանանը, պատճառ դարձան, որ երիտասարդական այս յախուռն փորձը կանգ առնէր: Արդեօ՞ք կանգ առաւ…:

Անձնապէս ես, նոյնպէս ինծի նման շատեր, որքա՜ն պարտական ենք Վարդապետին:

Այսօր, երբ խօսք կ’ըլլայ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի մասին, իր անունը սերտօրէն կ’առնչուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթին հետ: Արդար է այս միաձուլումը: 1947 Յունուարին ճամբայ ելած «Մասիս»ի խմբագրապետութիւնը՝ 1973-ին յանձնուեցաւ Կռանեան Վարդապետին, որ զայն խիզախօրէն եւ ձեռներէցութեամբ առաջնորդեց երկար տարիներ, թէեւ կարճատեւ ընդհատումներով երբեմն, անգոսնելով արտաքին ու ներքին բոլոր խութերը, որոնք ստէպ-ստէպ կը փորձէին արգելակել իր յառաջապահ մտածումներն ու տեսակէտները, մինչեւ իսկ «Մասիս»ի առողջ ու հեղինակաւոր ընթացքը: Վարդապետին յուղարկաւորութեան նախագահող Հոգեւոր Տէրը բարձրաձայն արտայայտուեցաւ անոր հանդէպ անիրաւօրէն շղթայազերծուած հալածանքին դէմ: Հոգեւոր Տիրոջ անկեղծ, յստակ ու մեկին խօսքերը, թէկուզ յետմահու, եղան արդար հատուցումը Վարդապետին կատարած անձնուրաց ու նուիրեալ ծառայութեան:

Անդրանիկ Վարդապետի «Մասիս»ը լուսապսակեց խիզախ խմբագրի, տեսակէտ ունեցող լրագրողի, կեանքի այլազան բովերէն անցած յանձնառու մտաւորականի եւ առաջնորդի կերպարը:

Հրապարակագիր, լրագրող եւ խմբագիր Անդրանիկ Կռանեանի անունը սերտօրէն առնչուած է, «Երիտասարդ Հայ»էն ու «Մասիս»էն անկախ, այլ պարբերաթերթի մը հետ:

1980-ի Ապրիլին, Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութիւնը կը հրատարակէ «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» անուանումով հոգեւոր եւ հովուական հանդէս մը, որ իր երկրորդ թիւէն սկսեալ, 1981 Մարտ, առաջին խորագրին կը կցէ, աւելի մեծատառ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ հոգեւոր եւ հովուական հանդէս» անուանումը: Կրկին փոփոխութիւն մը եւ վերջին համարը, զոր տեսած եմ, կը կրէ «ԶՄՄԱՌԵԱՆՔ ի սփիւռս աշխարհի, ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ հոգեւոր եւ հովուական հանդէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան»:

«Զուարթնոց»ը ունեցած է խմբագրական կազմ, որուն մէջ Վարդապետը եղած է մնայուն ներկայութիւն, իր լրջախոհ գրութիւններով, սերտողութիւններով, իսկ յաճախ ալ,- ինչպէս վերջին ստուարածաւալ տարեգիրքի պարագային,- անոնց պատասխանատու խմբագիրը:

«Զուարթնոց»ները ունին այլազան բովանդակութիւն, միշտ Զմմառու դարաւոր վանքին հայող: Սակայն, կարեւորագոյնը, իրենց հարուստ եւ անգնահատելի բովանդակութեամբ, անոնք այսօր իսկ դարձած են եւ մանաւանդ վաղը պիտի դառնան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան գործունէութեան նուիրուած արխիւային անփոխարինելի վկայութիւն:

Իր հրապարակագրական, լրագրական եւ հոգեմտաւորական փայլատակումներուն վկայութիւնները եթէ եղան «Երիտասարդ Հայ»ը, «Մասիս»ը եւ «Զուարթնոց»ը, հերթականութեամբ կը նշեմ ասոնք, ապա իր գիտա-բանասիրական կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը, որուն հրատարակութիւնը եւ առաջին տասը հատորները կը պարտինք Երուանդ Քասունիին: Հայկազեան Համալսարանի հովանին վայելող այս պատուաբեր հրատարակութիւնը, իր որակով, ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Սփիւռքի բացառիկ երեւոյթներէն կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ: Հանդէսին ղեկը, որոշ դադարէ մը ետք, Համալսարանի պատասխանատուները յանձնեցին փորձառու Վարդապետին, որ շրջապատուած կարող եւ յատկապէս երիտասարդ գործակիցներով, անոր հաստափոր հատորներուն թիւը հասցուցին 37-ի: Հոս եւս, որոշ տարիներ, բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ըլլալու իր գործակիցներէն:

Կռանեան Վարդապետի խմբագրութեամբ «Մասիս»ը, պահելով հանդերձ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պատկանելիութեան սքեմը, որպէս քաղաքական, ազգային, մշակութային պարբերաթերթ, անտեսեց նեղ սահմանափակումները, դարձաւ ապրող, ժամանակակից փնտռուած մամուլ:

 «Մասիս»ը այսօր 70 տարեկան է: Կռանեան Վարդապետ շուրջ 4 տասնամեակ, փորձառու նաւապետի մը նման, վարեց անոր ղեկը:

«Մասիս»ը, առաջին օրէն մինչեւ այսօր, իր ճակատին ունեցած է շատ պարզ սակայն խորիմաստ լոզունգ մը. «Որպէս Զէն՝ Ճշմարտութիւն»:

Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան իմացական ամբողջ իր կեանքի տեւողութեան եւ ի մասնաւորի որպէս խմբագիր ու հրապարակագիր՝ այդ լոզունգը դարձուց իրեն դրօշ, զոր անձնուիրութեամբ, խոր հաւատքով ու արդար հպարտութեամբ մի՛շտ բարձր պահեց ու անով առաջնորդուեցաւ:

ՀԿՄ «Արարատեան» սրահ
20.01.2018

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին