Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

ՌԴ Նախագահը Եուրի Յովհաննիսեանը Պագեւատրած Է «Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններու Համար» 2-րդ Աստիճանի Շքանշանով

Հայազգի ճանչցուած միջուկային բնագէտ, ակադեմիկոս Եուրի Յովհաննիսեանը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագիրով պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի շքանշանով:

«Հայերն այսօր»ը, յղում կատարելով rusarminfo.ru կայք-էջին՝ կը յայտնէ, որ Եուրի Յովհաննիսեան այդ պարգեւին արժանացած է գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի զարգացման , ինչպէս նաեւ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներ պատրաստելու համար:

«Հայերն այսօր»ը, նախապէս յայտնած էր, որ չորս գիտնականներ` Եուրի Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, յայտնագործած են Մենտելեւի պարբերական աղիւսակի 4 նոր տարր, որոնցմէ 118-րդ տարրը կոչուած է Յովհաննիսեանի պատուին` oganesson (og): «Տարրի յայտնաբերումը թոյլ կու տայ հասկնալու, որ աշխարհն աւելի մեծ է, քան կը կարծենք»,-ըսած է Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ նոր տարրի բացայայտման վրայ 20 տարի  աշխատած է:

Եուրի Ցոլակի Յովհաննիսեան ծնած է 1933 թուականին Տոնի Ռոստով: Դպրոց յաճախած  Երեւանի մէջ: 1976-1989 թթ. եղած է Տուպնայի միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի (ՄՀՄԻ) միջուկային փոխազդեցութիւններու տարրալուծարանի փոխտնօրէն, 1989-1997 թթ.` տնօրէն, 1997 թուականէն` գիտական ղեկավար, միաժամանակ 1971 թուականէն` նոյն տարրալուշարանի ծանր միջուկներու հետազօտման բաժնի պետ: 1969-1970 թթ.` Փարիզի համալսարանի փրոֆէսոր, Երեւանի պետական համալսարանի, Ֆրանքֆուրդի (Գերմանիա), Մեսինայի (Իտալիա) համալսարաններու պատուաւոր դոկտոր:

Ան մեծ աւանդ ունի  ՀՀ գիտական կազմակերպութիւններու եւ Միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի միջեւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ, որուն համար ալ 2010 թ. պարգեւատրուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտութեան պետական կոմիտէի «Ոսկէ մետալ»-ով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին