ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Մայնիուզ Էլ.Էյ.».- Հանգուցեալ միլիառատէր բարերար Գըրգ Գըրգորեանի հարստութիւնը տնօրինողներու դիմումին ընդառաջելով՝ Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարիա Սթրեթըն իրաւունք շնորհած է Գըրգորեանի մնացած 1.6 միլիառ տոլար հարստութենէն 500 միլիոն տոլար բարեսիրական կազմակերպութիւններու յանձնելու։
Գըրգորեանի կողմէ նշանակուած երեք հոգինոց մարմինը, որուն մաս կը կազմեն անոր կալուածներու վերակացուն՝ Էնթընի Մանտեքիք, անոր փաստաբանը՝ Փաթրիսիա Կլէյսըր, եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բժիշկներէն տոքթ. Էրիք Էսրայէլեան, նախապէս Գըրգորեանի հարստութենէն 200 միլիոն տոլար բաժնած էին արդէն շարք մը բարեսիրական կազմակերպութեանց։
Գըրգորեան իր կտակին մէջ շեշտած էր, թէ իր հարստութիւնը պէտք է բաժնուի իր մահէն առաւելագոյնը երեք տարի ետք։ Ան մահացած է 15 Յունիս 2015-ին։
500 միլիոն տոլարին բաժանումը ուշացած էր՝ Գըրգորեանի այրիին կողմէ բացուած դատին պատճառով։ Ան կը պահանջէր իւրացնել բարերարին հարստութենէն առնուազն 600 միլիոն տոլար։