ՀԲԸ Միութեան 110 ամեակի ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Մարդկային Իրաւունքներու Հռչակագիրի 68 ամեակի տարեդարձի նախօրէին, կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկային Իրաւունքներու եւ շրջանի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու ծիրէն ներս իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ձեռնարկը:
Արդարեւ ՀԲԸՄ-ի կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւունքներու Յանձնախումբին, երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին, «Ցեղասպանութեան Ոճիրը եւ Միջին Արեւելքն ու Հիւսիսային Ափրիկէն. Քաղուած Դասեր Առաջքը առնելու եւ Անկէ Պաշտպանուելու» լայն խորագիրով սեմինար մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս սրահին մէջ, որուն ընթացքին խօսք առին միջազգային ճանաչում ունեցող ցեղասպանագէտներ եւ դասախօսներ:
Սեմինարի մասնակիցներուն առջեւ, որուն ներկայ էին ցեղասպանութեան նիւթով հետաքրքրուած ընտրանի մը, իր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանը:
Մեթր Սեդրակեանի խօսքին յաջորդեցին բացման խօսքեր, որմէ ետք ընթացք առաւ սեմինարը: Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, ներկաները իրենց զանազան հարցադրումներով գործնականօրէն բերին նաեւ իրենց մասնակութիւնը:
Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք: