Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Կաթողիկոսարանի Գրատունը Իր 40-ամեակին Առիթով Կը Ներկայանայ Արդիական Նոր Կայքէջով www.ciliciabookstore.com

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ եւ դեր ունի հայ գիրքը: 1932-էն ի վեր գործող Կաթողիկոսարանի տպարանէն ցարդ լոյս տեսած է աւելի քան 2000 գիրք՝ հայերէն եւ օտար տարբեր լեզուներով:

Հայ գիրքի տարածման նպաստող Կաթողիկոսարանի գրատունը, որ այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարին, հարուստ է կրօնական, հայագիտական, գրական, պատմական, երաժշտական, արուեստի եւ մանկապատանեկան գիրքերու ճոխ հաւաքածոյով: Գրատունէն ներս կարելի է նաեւ գտնել յուշանուէրներու եւ խտասալիկներու տեսականի։

Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի գրատունը, իր 40-ամեակին առիթով, մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ արդիական նոր կայքէջով մը՝ www.ciliciabookstore.com:

Նոր կայքէջը, նախորդին բաղդատած, աւելի ամբողջական, գունազարդ, ճշգրիտ ու ապահով է։ Ապսպրանքներու իմաստով՝ ինչպէս Amazon-ն ու e-bay-ն է, կարելի է Credit Card-ի եւ հասցէի ներմուծումով ուղղակի պատուիրել գրատունէն, առանց միջնորդի կամ ե-նամակի (email)։ Նախկին ձեւին մէջ գիրքին կշիռքը չկար, հիմա, երբ ապսպրանքը դրուի, համակարգչային ծրագիրը ինք կը հաշուէ գրքերուն կշիռքն ու փոխադրութեան գինն ալ, ու ըստ այնմ կ’աւելցնէ առաքման ծախսերը։ Պարզապէս, գնողը պարտի որոշել փոխադրութեան միջոցը (Libanpost, DHL, կամ Fedex), համաձայն գինին կամ իր նախընտրութեան։

Կայքէջը ունի զանազան բաժիներ, համաձայն գրքերու լեզուին կամ թեմային, բան մը, որ կը դիւրացնէ ընտրութիւնը։ Աւելին, կարելի է հեղինակի կամ գրքի անունով փնտռել, ինչ որ կ’արագացնէ փնտռտուքի գործողութիւնը։

Կայքէջը կը ներառնէ շուրջ 1000 գիրք, 60 յուշանուէր, 40 տեսակի տեսահոլովակ: Իւրաքանչիւր գիրքի նկարին վրայ սեղմելով (click) կարելի է իմանալ հեղինակին անունը, տպագրութեան թուականն ու վայրը, ամփոփ բացատրական մը գիրքին մասին, հրատարակչական ֆոնտին անունը, կշիռքը եւ գինը՝ թղթակազմն ու լաթակազմը անջատաբար ներկայացուած են։

Վերջապէս, կայքէջը աւելի արդիական է ու համահունչ միջազգային կայքէջերու չափանիշներուն, իսկ ապսպրանքը ապահով ու վստահելի, որովհետեւ Audi դրամատան ճամբով ու ապահովութեան միջազգային բոլոր չափանիշերը կը լրացնէ։

Արտասահման, ու ի մասնաւորի Ամերիկա, Քանատա եւ Եւրոպա ապրող մեր հայրենակիցներուն դիւրութիւն կ’ընձեռուի գիտնալ ու ապսպրել Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւններէն, առանց միջնորդի ու յաւելեալ ճիգի՝ տունը նստած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին