Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

«Տան Միւս Կողմը» Պիտի Ցուցադրուի Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ (825 Brotherhood Way) տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան գործունէութեան նուիրուած քննարկում մը, որուն ընթացքին նաեւ պիտի ցուցադրուի Նարէ Մկրտչեանի՝ «Տան Միւս Կողմը» («The Other Side of Home») վաւերագրական ֆիլմը։

Նշենք, որ ֆիլմը մէկն է «Օսքար»ի թեկնածու 10 վաւերագրական կարճ ֆիլմերէն, որոնցմէ 5ը պաշտօնապէս թեկնածու պիտի յայտարարուի յառաջիկայ տարուան Յունուար 24ին։

Ֆիլմը պատմութիւնն է Թուրքիոյ քաղաքացի կնոջ մը, որ 2015ին կը բացայայտէ, թէ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնը վերապրող մըն է, եւ կ՛որոշէ մեկնիլ Հայաստան, մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն։ Ֆիլմին մէջ կը պայքարին Ցեղասպանութենէն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ուրացողը:

Երեւան ծնած Նարէ Մկրտչեան Լոս Անճելըս տեղափոխուած է 15 տարի առաջ եւ մասնագիտացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի շարժապատկերի բաժանմունքին մէջ։

Ձեռնարկին մուտքը ազատ է։

Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան կամ անոր աջակցելու համար, դիմել info@genocideeducation.org հասցէին եւ (415) 264-4203 թիւին, կամ այցելել GenocideEducation.org կայքը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին