Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Մելիք Գիւղի Դպրոցը Վերանորոգուած է Արժանթինահայ Սուրէնեան Ընտանիքին Կողմէ

Սեպտեմբեր 25-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Մելիք գիւղին մէջ (Արագածոտնի մարզ), համայնքի միջնակարգ դպրոցի բացումը կատարուեցաւ, որ հիմնանորոգուեցաւ արժանթինահայ Հրաչ եւ Մարի Սուրէնեան ամուսիններուն օժանդակութեամբ:

Բացման արարողութիւնը կայացաւ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, ծրագիրի հովանաւոր ամուսններուն, արժանթինահայ բարերարներու աւելի քան երկու տասնեակ հիւրերու, հիմնադրամի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Կէոզալեանը, պաշտօնեաներ եւ հիւրեր:

Հանդիսութիւնը մեկնարկուեցաւ համայնքի Սուրբ Յովհաննէս (1895թ) եկեղեցւոյ մէջ՝ մատուցուած սուրբ պատարագով,

որմէ ետք   համայնքի 17 երեխաներ մկրտուեցան բարերարներու Անմիջապէս ետք մեկնարուեցաւ վերանորոգուած դպրոցի բացման հանդիսութիւնը, որ եզրափակուեցաւ ազգային երգ ու պարով, ասմունքով:

3

«Ամէն երկիր ունի զարգացման իր ռեսուրսը (ներուժ-ԵՌԳ․), Հայաստանի դէպքում դա գիտելիքն է, որը ձեւաւորւում եւ ամրապնդւում է դպրոցում: Այստեղ է կրթւում Հայաստանի այն ապագան, որի մասին բոլորս երազում ենք: Մաղթում եմ, որ լաւ կրթութիւն ստանաք եւ այն ներդնէք հայրենիքի շէնացման գործում»,- ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Գիւղապետ Դերենիկ Շահբազեանը համայնքի անունէն Սուրէնեաններուն Մելիքի պատուաւոր քաղաքացիի հաւաստագիր յանձնեց:

1994-ի կառոյցը հիմնանորոգումէ ետք ունի` նոր տանիք, դռներ ու պատուհաններ, սանհանգոյցներ, վերափոխուած յատակ, ելեկտրականութեան նոր համակարգ: Արդիականացուած է նաեւ շէնքի արտաքին տեսքը. կատարուած է արտաքին պատերու յարդարում, նորոգուած է նախամուտքը, բարեկարգուած է բակային տարածքը:

Նորակառոյց կաթսայատունն ու ջեռուցման համակարգն ալ թոյլ կու տայ դասերը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ իրականացնելու նաեւ ցուրտ ամիսներուն, ինչ որ կարեւոր է խստաշունչ կլիմայ ունեցող այս տեղանքի համար:

Այս Դպրոցը այսօր կը յաճախեն 153 աշակերտներ: Դպրոցի տնօրէն Արթուր Ղեւոնդեանի խօսքով` 12-ամեայ կրթութիւն ստանալէ ետք, ամէն տարի 8-էն 10 շրջանաւարտ իր ուսումը կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին