Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Մարիա Խարապեան

Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Հուրի Խարապեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Շուշիկ Մինասեան եւ զաւակունք

Տիկին Սիլվա Խարտալեան

Տէր եւ Տիկին Շայ եւ Նատին Խարապեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Աննա Խարտալեան եւ զաւակունք

Քրիսթին Խարտալեան եւ զաւակունք

Տիկին Արփինէ Խաչերեան

Տէր եւ Տիկին Զաւէն եւ Անի Խաչիկեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկին Խաչիկ եւ Յասմիկ Խաչիկեան եւ զաւակը

Տէր եւ Տիկին Արշակ եւ Հուրի Մըթրըպեան եւ զաւակը

Տէր եւ Տիկին Մանօ եւ Ռուպինա Խաչիկեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Լենա Թերզեան եւ զաւակունք

Տիկին Գարին Մելքոնեան եւ զաւակունք

եւ համայն Խարապեան, Նարկիզեան, Խաչիկեան, Մինասեան, Խարտալեան, Էմիրեան, Թերզեան, Մելքոնեան, Մազլումեան, Միքայէլեան, Պալեան, Ուղուրլեան եւ Մըթրըպեան ընտանիքներ ու ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին

ԷՖՐՈՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ԽԱՐԱՊԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, իր բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ , ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային  առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ

Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել «Զարթօնք»-ին եւ Վահան Թէքէեան վարժարանին:

***

Ողբ. Էֆրոն Խաչիկեան Խարապեանի մահուան տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ողբացեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն եւ ի մասնաւորի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանին եւ իր տիկնոջ Տիկին Մարիային:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին