Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Կարօ Փայլանի Մարտի Կեցուածքը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Վերջերս Կարօ Փայլան անունը լուսաւոր փայլատակումով ճառագայթեց հայ երկինքի վրայ: Անոր անունը շարունակ սկսաւ յիշուիլ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայ լրատուական միջոցներուն մէջ եւ գրաւոր մամուլի էջերուն վրայ, որով Փայլանի անունը եղաւ հայ տունի մէջ յաճախ հնչուած անուն մը: Այս բոլորը այն պատճառով, որ  Թուրքիոյ խորհրդարանական յանձնախումբի մը նիստի ընթացքին, Էրտողանի կուսակցութեան ներկայացուցիչները բռնցքահարելով փորձած էին ծեծել Փայլանին, որովհետւ ան հայ էր:

Կարօ Փայլանը առաջին անգամ տեսայ ընկերային ցանցի վրայ զետեղուած տեսաերիզի մը մէջ, ուր ան Հրանդ Տինքի սպանութեան հետախուզութիւններու եզրակացութիւնները կը քննարկէր, թրքական հեռուստակայաններէն մէկուն յայտագիրիր ընթացքին: Ատենին տակաւին ան խորհրդարանի անդամ ընտրուած չէր: Զարմացած էի այս հայուն քաջութեամբ: Ան անվախօրէն հարցերը իրենց իսկական անուններով կը կոչէր թուրք հանրութեան դիմաց: «Այո, բոլորս Հրանդ Տինք ենք աղաղակներով ցոյցեր եղան Թուրքիոյ մէջ…։ Սակայն չմոռնանք, որ Տինքի յուղարկաւորութեան պատշգամներէն յաղթանակի եւ ուրախութեան ձայներ ալ լսուեցան, որոնք կ’անարգէին հայու մը մահը, եւ կը հրճուէին անոր սպանութեամբ», ըսաւ ան: «Կրնա՞յ ըլլալ, որ նոր Հրանդ Տինքի մը դիմաց կեցած ըլլանք» հարց տուի ինքզինքիս: Ժամանակ մը ետք լսեցի, որ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է:

2016-ի Մարտին Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ խօսք առնելով ըսաւ. «100 տարիէ մեզի խենդի հագուստ կարողներու շարքին դրաւ Էրտողան»: Ապա նկար մը բարձրացուց, որու վրայ երկու թուրք ապահովական ուժերու անդամներ, քօղարկուած դէմքով, Ճիզրէի ապահովութեան խախտում ապրող ճակատէն պաստառ մը բռնած էին, որու վրայ գրուած էր՝ «Մենք քեզի կը սիրենք երկար մարդ» խօսքը, որ Էրտողանի ուղղուած էր: Իսկ այս գրութեան էրտողանի պատասխանը եղաւ՝ «Ես շատ զգացուած եմ մեր տղոց այս նամակէն», ըսաւ Փայլան:

«Բայց նմանօրինակ ուրիշ նամակ մը եւս ուղարկած էին ապահովական ուժերու զինեալները, այս անգամ ինծի», աւելցուց Փայլան: « Ֆու ֆու հայ փ…» գրութեամբ: «Ես ալ շատ զգացուեցայ այս նամակէն», նշեց ան: «Մենք ինչպիսի՞ դաստիարակութիւն ստացած ենք, որ 100 տարիներ առաջ ազգս աղէտէ մը անցնելէ ետք, տակաւին իմ այդ ազգին զաւակը ըլլալուս պատճառաւ, ուր որ գտնուիմ հայհոյանք կը լսեմ: Բայց հարցը հոս չի վերջացաւ»,- շարունակեց Փայլան-, «անցեալները Տաուտօղլու Պինկէօլ տուած իր այցելութեան ընթացքին ըսաւ՝ հոս Առաջին աշխարհամարտին հայ հրոսակները ռուսերու հետ գործակցեցան: Ամօթ է, որ երկիրի մը վարչապետը այսպէս արտայայտութիւն մը ունենայ: Ատելութիւն կը ցանէ ան իր այս խօսքերով», ըսաւ Փայլան: Անոր այս խօսքը կարելի է գտնել ընկերային ցանցի վրայ, որու տակ կարգ մը թուրքերու գրարումները կան, որոնք Կարոյի արտասանած խօսքերը կը ջատագովեն:

Այսուամենայնիւ իբրեւ հայութիւն ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ Թուրքիnյ մէջ գոյութիւն ունեցող այս երեւոյթին դիմաց: Կերտելով զօրաւոր, արդի, ժողովրդավար Հայրենիք մը, ուրկէ ոչ ոք կ’ուզէ հեռանալ: Որու թեւերուն տակ բոլոր հայերը միասնաբար կ’ապրին, կը ստեղծագործեն եւ միասնաբար կը պայքարին Հայ Դատի հետապնդման համար:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին