Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Կը Խոստանայ ԹՈՒՄՕ Կեդրոն Բանալ Նաեւ Էջմիածինի Մէջ

11 Նո­յեմ­բե­րին ԹՈՒՄՕ Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու ­Կեդ­րոն այ­ցե­լած Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը յայ­տա­րա­րած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ԹՈՒՄՕ կեդ­րոն պի­տի հաս­տա­տո­ւի նաեւ Էջ­միա­ծի­նի մէջ։ ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս «­Սի­մո­նեան» Կր­թա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի նախա­գահ, ԹՈՒՄՕ կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր ­Սեմ ­Սի­մո­նեա­նի եւ կեդ­րո­նի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ ­Բե­կոր ­Փա­փա­զեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, շրջա­գա­յած է կեդ­րո­նին մէջ եւ ծա­նօ­թա­ցած ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն եւ ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն:

ԹՈՒՄՕ յա­ճա­խող պա­տա­նի­նե­րը ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց ստեղծած նոր խա­ղերն ու ծրա­գիր­նե­րը: Իր կար­գին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը պատասխա­նած է ա­նոնց հար­ցում­նե­րուն։ Ա­ւար­տին ­Գա­րե­գին Բ. իր օրհ­նու­թիւ­նը տո­ւած է կեդ­րո­նի հիմ­նա­դի­րին, աշ­խա­տա­կազ­մին եւ սա­նե­րուն՝ բարձր գնա­հա­տե­լով ժա­մա­նա­կա­կից պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան կրթու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով ի գործ դրո­ւած ջան­քե­րը:

Ան յոյս յայտ­նած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին նման կեդ­րոն կը հաս­տա­տո­ւի նաեւ Էջ­միա­ծի­նի մէջ։ Այցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ­Կա­թո­ղի­կո­սին կ­՛ըն­կե­րակ­ցէին ­Մայր Ա­թո­ռի ­Վար­չատըն­տե­սա­կան բա­ժի­նի տնօ­րէն ­Մու­շեղ Եպս. ­Բա­բա­յեան եւ Ք­րիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն ­Վար­դան Եպս. ­Նա­ւա­սար­դեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին