Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Տեառնընդառաջ` Նորապսակներու Օրհնութեան Տօն

Փետրուար 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը, զոր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր:

Տօնը կը նշէ 40-օրական Յիսուսի ընծայումը Տաճարին:

Ըստ հրէական օրէնքի’ իւրաքանչիւր արու զաւակի ծնունդէն ետք, երբ կը լրանար 40 օրերը, նորածինի մայրը իր երեխայի հետ կ’այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցէր եւ իր զաւակի համար օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ 40-օրական Յիսուսի ընծայումը տաճարին կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն 40 օր ետք՝ Փետրուար 14-ին: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնի համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի նախատօնակ: Ան կ’աւետէ Տէրունի տօնի սկիզբը: Սովորաբար նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ’օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:

Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն վերցուած կրակով եկեղեցիներու բակերուն մէջ կը վառին խարոյկներ, իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին