Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը Սկիզբէն Պիտի Սկսի

Պոլսոյ ծանր յանցանքներու 5րդ դատարանը որոշած է Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը սկիզբէն սկսիլ: Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին՝ դատարանը նկատի առած է վճռաբեկ ատեանի որոշումին բովանդակութիւնը՝ վճռելով Տինքի սպանութեան գործով մեղադրուածներն ու դատապարտուածները նոր դատավարութեամբ դատել:

Նախկինին ի տարբերութիւն՝ այս անգամ բոլորը պիտի դատուին «յանցանք գործելու նպատակով յանցագործ խումբ ստեղծելու, կառավարելու, կամ այդ խումբին անդամ ըլլալու» մեղադրանքներով: Նախկին դատին մէջ այս կէտը անտեսուած էր՝ մեղմացնելով մեղադրեալներուն տրուած պատիժները:

Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վճռած է դատական գործեր յարուցել ընդդէմ Տինքի սպանութեան ժամանակ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած 9 պաշտօնատարներու, որոնց շարքին են Պոլսոյ նահանգային նախկին ոստիկանապետը, հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետը եւ Պոլսոյ նահանգապետի նախկին տեղակալը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին