Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Վարչապետի Հայ Խորհրդականին Առաջին Հարցազրոյցը

Թուրքիոյ վարչապետի նորանշանակ հայ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան իր նոր պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին հարցազրոյցը տուաւ թրքական «Աքշամ» թերթին:

«Հայկական աշխարհը բաւական բազմազան է՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ Թուրքիոյ հայ համայնք: Այս իրողութիւնը Անգարայի համար հարցը աւելի դիւրին կը դարձնէ, բայց միաժամանակ՝ կը բարձրացնէ պատասխանատուութեան աստիճանը», ըսած է հայազգի խորհրդականը՝ ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, պատասխանելով Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ կապուած Անգարայի ակնկալիքներուն:

«Թուրքիոյ համար հարցը աւելի կը դիւրանայ, քանի որ երկիրը չի գտնուիր միասնական պահանջի դիմաց: Պատասխանատուութեան մասով, Անգարան կրնայ ոչինչ ընել, սակայն այդ եւս կրնայ դառնալ ուշադրութեան առարկայ, քանի որ կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել, որ Թուրքիա իր սեփական անցեալին հետ կապուած կասկածներ ունի», աւելցուցած է Մահճուպեան:

www.armradio.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին