Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ազնաւուրը Ռուսաստանի Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած է Փոխելու Հայրապետեանի Արգելափակման Միջոցը

Շառլ Ազնաւուր մտահոգութիւն յայտնած է գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կալանաւորման առիթով եւ կոչ ուղղած Ռուսաստանի իշխանութիւններուն, փոխելու Հայրապետեանի հանդէպ կիրառուած խափանման միջոցը` հաշուի առնելով անոր առողջական վիճակը: Ազնաւուրը, որ բազմիցս հանդիպած է Լեւոն Հայրապետեանին, մշտապէս բարձր գնահատած է անոր գործունէութիւնը, որ ուղղուած եղած է Արցախի եւ Հայաստանի զարգացման: Այս մասին կը տեղեկացնէ Artsakh Today մամուլի կեդրոնը:

Ըստ նախաքննութեան, յանցագործութիւնը, որուն վերաբերեալ քրէական գործ յարուցուած է եւ որուն ծիրէն ներս կը կասկածուի նաեւ Հայրապետեանը, իրականացած է 2008-ին «ԱՖԿ Սիստեմա»-ին «Բաշնեֆթ»-ի վաճառքի մասին գործարքի ժամանակ, որուն ներգրաւուած եղած է նաեւ Հայրապետեանը: Կը նշուի, որ Հայրապետեանը այդ գործարքէն ստացած է մեծ գումար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին