spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական Յաջորդ Հանգրուանը

2025-2026 սկաուտական տարեշրջանին բոլոր փուլերը յաջողութեամբ յաղթահարելէ ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումը վերջապէս հանգրուանեց Մեթնի բարձրադիր Պասքինթա գիւղին մէջ, ուր 4 Օգոստոս 2026-էն սկսեալ կազմակերպուեցաւ ամառնային մեծ բանակումը:

Սկաուտներուն ժամանումին նախորդեց Օգոստոսի առաջին երկու օրերուն կատարուած նախապատրաստական աշխատանքը, որմէ ետք խումբերը մէկ առ մէկ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի ակումբէն ուղղուեցան Պասքինթա եւ ի գործ դրին խմբապետուհիներուն ու խմբապետներուն մշակած ծրագիրները:

Օգտաշատ բանակումին աւարտը 22 Օգոստոս 2026-ին էր, երբ բանակավայրին դարպասները բացուեցան ծնողներուն, վեթերաններուն, միութենականներուն եւ հիւրերուն առջեւ՝ միասնաբար տօնելու համար «Յաջորդ Հանգրուանը» խորագրեալ խարուկահանդէսը: Հանդիսատեսներուն ժամանումէն առաջ, բանակավայրին մէջ տեղի ունեցան երդումներու եւ շքանշաններու տուչութեան արարողութիւնները, մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով սկաուտներուն մօտ:

Պաշտօնական ներկաներու շարքին էին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Տանձիկեան, Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան, ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարիչ տնօրէն եւ Միջին արեւելքի տնօրէն Արին Ղազարեան, Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Հայկ Եսայեան, ատենադպրուհի Գարին Գալիճեան, գանձապահ Տիգրան Զէյթճեան, հաշուապահ Նշան Ղորղորեան եւ Վարչականներ Հրաչ Հասըրճեան, Գարօլին Չայլեան ու Տոքթ. Շահէ Փարթամեան, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու, SDL եւ AEL սկաուտական համախմբումներու ներկայացուցիչներ:

Ընկերակցութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին, սկաուտական խումբերը երեկոյեան ժամը 7:00-ին տողանցքով մուտք գործեցին խարուկահանդէսի տարածք, առաջնորդութեամբ ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեանին ու SDL-ի ընդհանուր փոխխմբապետ Տէյվիտ Քէշիշեանին, AEL-ի ընդհանուր խմբապետուհի Լիանա Մելքոնեանին եւ ընդհանուր փոխխմբապետուհի Մէյլին Ագըլեանին: Քայլերգներէն, աղօթքէն եւ դրօշակի եզրափակիչ արարողութենէն ետք, խարոյկը հրահրուեցաւ հետաքրքրական ու ստեղծագործ ձեւով: Ընդհանուր խմբապետը իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ սկաուտին ճամբան կը սկսի առաջին քայլով, որմէ ետք կուտակուած իւրաքանչիւր փորձառութիւն, մարտահրաւէր եւ դաս սկաուտը աւելի կը մօտեցնեն «յաջորդ հանգրուանին»: «Սկաուտութիւնը միայն հաւաքներու կամ արշաւներու ամբողջութիւն մը չէ։ Ան ճամբայ մըն է, որ կը սորվեցնէ մեզի քայլ առ քայլ առաջ երթալ, չվախնալ մարտահրաւէրներէն, իրարմէ սորվիլ եւ միշտ ձգտիլ լաւագոյնին», ըսաւ Փոլաճեան, մաղթելով, որ խարոյկը բոլորին սրտերուն մէջ վառ պահէ սկաուտական ոգին՝ ընկերասիրութիւնը, ծառայութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու նուիրումը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմինի ատենապետուհի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Թալին Ճէպէճեան-Ինգնատոսեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին բանակումին յաջողութեան, ապա մեծապէս գնահատեց խմբապետական կազմը, որուն անդամները իրենց միասնական աշխատանքով վերահաստատած են «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանը: «Այս երիտասարդները պատրաստ են վառ պահել իրենց յանձնուած ջահը եւ զայն փոխանցել յաջորդ սերունդին, միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին՝ ծառայել Աստուծոյ, հայրենիքին եւ միութեան», շեշտեց Թալին Ճէպէճեան:

Ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ սկաուտութիւնը միութեան ողնաշարն է: «Բանակումը երեխաներուն եւ պատանիներուն առիթ կուտայ իմանալ, թէ այս միութեան սկաուտական շարժումը մեծ ընտանիք մըն է, որ ունենալով հանդերձ Սեւան ու Անթիլիաս ճիւղեր, կոճղը մէ՛կ է եւ ամուր՝ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, իսկ արմատը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը», ըսաւ ատենապետը, դրուատելով բոլոր խմբապետներուն ու վարչութիւններուն անձնուէր աշխատանքը: Հուսկ, սկաուտական խումբերը հերթով ներկայացուցին պարեր, երգեր եւ թատերական դրուագներ, որոնց ընդմէջէն ներկաներուն առջեւ բացայայտեցին օրուան «Յաջորդ Հանգրուանը» նիւթը, ապացուցելով, թէ կը յաղթահարեն իրերայաջորդ փուլերը, միշտ պատրաստ՝ դիմագրաւելու աւելի դժուար մարտահրաւէրներն ու միասնաբար նուաճելու յաջորդ՝ աւելի վեհ հանգրուանը, միշտ միասնական ոգիով, այնպէս ինչպէս ապացուցեցին խարուկահանդէսը եզրափակող խմբապետական պարն ու հրաժեշտի երգը: Հրաժեշտ մը, որ երկար պիտի չտեւէ, որովհետեւ սեպտեմբերեան դադարէն ետք սկաուտները պիտի վերադառնան ակումբ՝ տալով 2026-27 նոր տարեշրջանին մեկնարկը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին