Յուշեր և Մանրապատումներ
Երէկ հրապարակեցինք սոյն շարքին Նախաբանը, որ ըստ երեւոյթին բաւականին հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր մեծ թիւով ընթերցողներու մօտ, որոնց ընդհանրական խնդրանքը գրեթէ նոյնն էր. «Յաջորդական բաժինները չուշացնես…»:
Առ այս, այսօր կը շարունակենք սոյն շարքի մեր հրապարակումներ, եւ ինչպէս երէկ նշած էինք ընթերցողը պիտի ծանօթանայ մեր առաջին կերպարին
Կերպար Ա.
«Համակարգուած Թշնամութեան» Ռահվիրայ եւ Ո՛չ Միայն՝ Ընկեր Մ.Խ.-ն
Այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութիւնը նախորդած տարիներուն էր, երբ օր մը ընկեր Մ. Խ.-ին հետ նստած էինք ՀՀ նախարարութեան մը սպասման սրահը, քանի պէտք է հանդիպէինք համապատասխան նախարարին հետ: Սպասման սրահէն կ՛երեւէր նախարարի գրասենեակին մուտքի դուռը: Նախարարի գրասենեակին նախաշեմին, գրասեղանի մը վրայ նստած էր համակրելի արտաքինով, բաւական երիտասարդ քարտուղարուհի մը:
Զգացի որ, ընկեր Մ. Խ.-ն իր աչքերը ակնյայտ եւ տարուած կերպով սեւերած էր նշեալ քարտուղարուհիին վրայ եւ ենթադրեցի, որ խեղճ աղջիկը զգալով այդ, անհանգիստ վիճակի մը մէջ էր: Կամաց մը մխտեցի կողքս նստած ընկեր Մ. Խ.-ին ոտքը, որպէսզի անդրադառնայ:
Ըստ երեւոյթին բոլորովին այլ միտքերու մէջ թաղուած մեր ընկերը, ինձ դառնալով ըսաւ. «Այդ աղջիկը կը տեսնե՞ս կոր հոն (նկատի ունէր քարտուղարուհին). Եթէ յաջողիս յառաջիկայ օրերուն այդ աղջկան հետ մտերմանալ, մենք «բռնած» կ՛ըլլանք (նկատի ունի մեր ձեռքերուն մէջ կ՛ունենանք) այս նախարարութեան ամբողջ կառոյցը, քանի այդ աղջիկը իր պաշտօնին բերմամբ ու նստած տեղով լաւատեղեակ պէտք է եղած ըլլայ գրեթէ ամէն ինչին»…:
Այդ մտածելակերպը ինձ շատ հարազատ չէր, սակայն ամէն պարագային եւ բարեբախտաբար քարտուղարուհիին հետ մտերմանալու կամ ինչ, որ բան «բռնելու» կարիքը չեղաւ, քանի կարելի եղաւ ինձ համար, ազնիւ ու անկեղծ գործակցութեամբ մը, նախարարին վստահութիւնը շահիլ եւ երկար ժամանակ ու շինիչ կերպով գործակցիլ նախարարութեան հետ:
***
2018 թուականէն ետք ընկեր Մ. Խ.-ին հետ իմ յարաբերութիւնը վատդարաձաւ քանի ըստ իրեն, այսպէս կոչուած յեղափոխութեան մասին իմ կարծիքը չափազանց ժխտական էր, մինչ մեր թերթին մէջ իմ գրիչը՝ չխնայող: Իմ այս կեցուածքը ձեռնտու չէր ընկեր Մ. Խ.-ին քանի ինք ծրագիր ունէր օրուայ իշխանութեան հետ գործակցիլ: Հետեւաբար պարզ էր, որ մենք կը գտնուէինք տարբեր դիրքերու վրայ եւ կարելի չէր այլեւս համագործակցիլ: Հարցերը հասան յարաբերութեանց սրացման:
Օր մը անակնկալ կերպով ինձ զանգեց ընկեր Մ. Խ.-ն: Ան անսպասելիօրէն սիրալիր ոճով հետեւեալը ըսաւ. «Սեւակ գիտեմ, որ քու միտքդ կամ ընթացքդ փոխելը անկարելի է: Սակայն ի՞նչ կ՛ըսես եթէ փոխան հակադրութեան, մենք վարենք «համակարգուած (coordinated) թշնամութեան» քաղաքականութիւն մը…»:
Այդ պահուն ինձ համար պէտք չէր իրմէ խնդրել որ ինձ «լուսաւորէ», թէ մեր պարագային ի՞նչ կը նշանակէ «համադրուած թշնամութիւն»: Այս իսկ պատճառով, այսօր այստեղ պիտի չկարենամ իմ կարգիս, այս տողերուն ընթերցողը «լուսաւորել»:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յաջորդիւ՝
Կերպար Բ.
«Չափորոշիչ»՝ Ընկեր Ա.Տ.-ն






