Յուշեր և Մանրապատումներ
Նախաբան
«Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք» յուշերու եւ մանրապատումներու սոյն շարքով, երգիծագրական մեծ գործ մը հրամցուցած ըլլալու հաւակնութիւնը չունիմ անշուշտ: Սա ոչ ալ կը բխի խնդրոյ առարկայ մարդիկը վարկաբեկելու կամ վատաբանելու. քաւ լիցի: Ընդամէնը ընտրած եմ երգիծական յուշագրութեան մը սոյն ոճը, որ նաեւ նկարագիրս ու գրական նախասիրութիւնս կը բնորոշէ, եւ եթէ երբեք սոյն շարքը յաջողի քանի մը ժպիտ քաղել ընթերցողներէն, ապա այդ պիտի ըլլայ իմ միակ գոհունակութիւնը:
Սոյն շարքով փորձած եմ արդէն շուրջ 40-ամեայ կուսակցական կեանքիս ընթացքին կամայ ակամայ ծանօթացած շարքային ընկերներս ներկայացնել դրուագով մը, կարգ մը ընկերներու պարագային, թերեւս աւելի քան մէկ դրուագով: Փորձած եմ նշեալ դրուագները ներկայացնել ամենայն անկեղծութեամբ եւ անաչառութեամբ, առանց սակայն դուրս ելլելու նշեալ ժանրին սահմաններէն:
Կ՛ուզեմ վստահեցնել, թէ ոչ ոք վիրաւորել ուզած եմ: Տուեալ դրուագի մը ընդմէջէն համեստաբար փորձած եմ ներկայացնել իրենց, այնպէս՝ ինչպէս որ ես զիրենք ճանչցած եմ, եւ ոչ թէ այնպէ՛ս, ինչպէս իրենք պիտի ուզէին ներկայացուիլ: Եթէ ընթերցողը տեղ-տեղ ծանր կէտերու հանդիպի՝ անոնց պատասխանատուն ես չեմ, քանզի կարելի չէ հայելին մեղադրել եթէ ան չծածկէ մարդուս կնճիռները:
Կարգ մը դրուագներու մէջ, ըստ ներկայացուած մանրապատումին, նշումներ կամ սլաքներ կարելի է նշմարել, ոչ անպայմանօրէն խնդրոյ առարկայ ընկերոջ հետ առնչուած: Այնտեղ երբեմն պատահական տողանցած են նաեւ այլ անձեր կամ կողմեր: Այդ անձերուն կամ կողմերուն ալ ներողամտութիւնը կը խնդրեմ:
Կը խոստովանիմ, որ ընդամէնը դրուագով մը կարելի չէ մարդ «դատել», սակայն փորձած եմ ընտրել այնպիսի դրուագներ, որոնք լաւագոյնս կրնան արտացոլացնել տուեալ ընկերոջ նկարագիրը, բանիմացութիւնը ու մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը, կամ՝ վատառողջութիւնը…:
Կերպարներու շարքը, ոեւէ առաջնահերթութեան մը, ժամանակագրութեան մը կամ կարեւորութեան մը հետ կապակցութիւն չունի: Չեմ ըրած նաեւ սեռական կամ տարիքային դասաւորում, այլ՝ զուտ պատահական կարգով է, որ պիտի ընթանայ շարքը:
Այս հանգրուանին, տակաւին կենսագործող կամ այս արեւին տակ այլեւս չապրող ընկերներուն անունները որոշած եմ ներկայացնել սկզբնատառերով: Ըմբռնելով, որ սոյն ընկերներուն անունները անպայմանօրէն չեն հետաքրքրէր լայն հանրութիւնը, անոնց ամբողջական անունին բացայայտումը կը թողեմ իրենց ճանչցող մեր միւս ընկերներուն կամ ընթերցողներուն ողջմտութեանը, խոստանալով, մրցանակ մը շնորհել, առանց սխալի բոլորին անուններուն գուշակութիւնը ճիշտ ընող ընթերցողներուն, երբ ինձ իմացնեն:
Յուսալով որ խնդրոյ առարկայ ընկերները կամ իրենց հարազատները եւ ընթերցողները ընդհանրապէս ներողամիտ ոգիով պիտի նային սոյն շարքին մէջ իմ արձանագրածներուս, ինքզինքս մեծապէս վարձատրուած պիտի զգամ երբ տեսնեմ, որ այս համեստ ու թեթեւ աշխատութիւնս իր նպատակին ծառայած է:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յաջորդիւ՝
Կերպար Ա.
«Համակարգուած Թշնամութեան» Ռահվիրայ եւ Ո՛չ Միայն՝ Ընկեր Մ.Խ.-ն






