Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Մէջ
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, վարժարանիս Միջնակարգ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի միջգաղութային համաերիտասարդական հսկում-հաւաքի, Անթիլիասի մայրավանքի եղեռնի զոհերու յուշահամալիրին առջեւ։

***
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Վահան Թէքէեան վարժարանի Միջնակարգ դասարաններու աշակերտները, իրենց դաստիրակներու ընկերակցութեամբ, ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաքին։ Վարժարանիս կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ նահատակաց մատուռին անմար կրակին առջեւ։

***
Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2026-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչում, ուր գործադրուեցաւ դասական ու կոկիկ ոճով գեղարուեստական յայտագիր մը:
Այս առիթով օրուան պատգամը հարուստ ու բովանդակալից տեղեկութիւններով աշակերտներուն փոխանցեց օրուան բանախօսը:
Յիշատակը անթառամ մնայ մեր բիւրաւոր ու անշիրիմ նահատակներուն։








