Լսել նիւթին լսողական տարբերակը
Ձայնագրութիւնը յառաջացած է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումը կը կազմակերպէ համահայկական ուխտագնացութիւն դէպի Մայր Հայրենիք եւ Սուրբ Էջմիածին։ Անիկա պիտի կրէ «Հայ ընտանիքը՝ հայոց ինքնութեան խարիսխ» խորագիրը։
Հայ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ բոլոր թեմերը կը պատրաստուին համահայկական ուխտագնացութեան, այդ մասին կը ծանուցեն իրենց գաղթօճախներուն մէջ, կ՝ընտրեն մասնակիցները։
Հայաստանի մէջ անոնց կը սպասուին այցեր պատմական սրբավայրեր, հանդիպում Վեհափառ հայրապետի հետ, նորաօծ Տաճարին մէջ մասնակցութիւն սրբազան պատարագի եւ այլն։