Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Չորս Նոր Հրատարակութիւն Մայրենի Հրատարակչատունէն

Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգի Փորթսմութ քաղաքը հաստատուած Մայրենի Հրատարակչատունը շարունակելով իր երեք տասնամեակի վրայ տարածուած գործունէութիւնը, 2024-ի Փետրուար ամսուն հրապարակ հանած է չորս գրքոյկ:

Առաջինը կը պատկանի Սմբատ Տէրունեան գրական անունով ծանօթ բանաստեղծ, իրաւաբան Սմբատ Տէվլէթեանի (1923–2016) գրչին եւ կը կրէ «Անթիլիասի Տագնապին Էութիւնը եւ Սփիւռքին Պատասխանատուութիւնը» խորագիրը: Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքը բնակած եւ գաղութին գոյապահպանական ճիգերուն իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած հեղինակն իրողութիւններու վրայ հիմնուած բծախնդիր մօտեցումով մը իր այս աշխատութիւնը պատրաստած էր 1983 թուականին, երբ տակաւին հրատապ բնոյթ մը կը ներկայացնէր ցուրտ պատերազմի օրերուն մարմին առած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միութեան խնդիրը, ձգտելով նպաստել այդ հարցին բարւոք լուծման, բայց ինչ-ինչ պատճառներով ան մնացած էր անտիպ:

Ինչպէս հրատարակութեան յանձնուելու պահուն կը նշուի, վաւերաթուղթին այս յապաղեալ հրատարակութիւնը կը նպատակադրէ պարզապէս արդարութիւն ընել վաստակաւորի մը, որ ջանք չէր խնայած առարկայական մօտեցումով ներկայացնելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան տխուր շրջանի մը պատկերը:

Հետաքրքրուողներ կրնան 178 էջանի հատորն ընթերցել առցանց՝ Համահայկական Թուանշային Գրադարանի կայքին միջոցով, կամ զայն ներբեռնել հետևեալ յղումով՝ https://arar.sci.am/dlibra/publication/399719/edition/369918:

Երկրորդն եւս կը պատկանի իրաւաբանի մը գրչին: Աղեքսանդրիա բնակած արձակագիր Ստեփան Շահպազի (1900–1994) «Ազգ. Սահմանադրութիւնը եւ Իր Վկայութիւնը՝ Հայ Բնոյթին Վրայ» աշխատութիւնն է ան:

154 էջ զբաղեցնող այս հատորին մէջ Շահպազ, ներկայացնելէ ետք Օսմանեան Կայսրութեան լուծին ներքեւ հեծող հայոց ազգային գործերու կարգաւորման համար մշակուած եւ 1863-ին պետական վաւերացում ստացած «Ազգային Սահմանադրութիւն»ի պատմութիւնը, շեշտը կը դնէ հայոց նկարագրային գիծերու հետ անոր առնչութեան վրայ եւ կը ձաղկէ մեծամոլական միտումներն ու հանրային կեանքի մէջ գերադրական ածականներու անտեղի շռայլանքը, միաժամանակ խոհուն հաստատումներ կատարելով հայերէն լեզուի պահպանման եւ ճշգրիտ գործածութեան կարեւորութեան մասին:

Յղում՝ https://arar.sci.am/dlibra/publication/399772/edition/369972:

Երրորդ եւ 240 էջ գրաւող գրքոյկը իր կողքերուն մէջ կ՚ամփոփէ 1919–1920 թուականներուն վերաբերող նամակներ, որոնց հեղինակն է բժիշկ Գրիգոր Դաւիթեան (1866–1924):

Դաւիթեան տուեալ շրջանին,- ուր Պոլսոյ հայութիւնը ցեղասպանութեան եւ Ա. Պատերազմի աւարտին յաջորդող տարիներուն լծուած էր որբերու, այրիներու, գաղթականներու հոգատարութեան եւ հայկական իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն,- կը գլխաւորէր Ազգային Սահմանադրութեան հիմամբ կազմուած Քաղաքական Ժողովը կամ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը: Ան իր նամակներով ազգային, քաղաքական, տնտեսական հարցերու մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէր Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեանի, որ Փարիզի եւ ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան գործակցութեամբ կը հետապնդէր հայկական հարցը՝ մինչեւ իր վերադարձը Պոլիս, ուր իրեն պիտի վստահուէր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի մայր դիւանի ատենապետի աթոռը:

Նամակները կ՚ակնարկեն իրենց փոքր դաշնակից հայ ժողովուրդին հանդէպ յաղթական Դաշնակից Պետութիւններու անտարբերութեան, անոնց հակամարտ շահերուն, ապա նաեւ յստակօրէն ցոյց կու տան թէ ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի իրենց պարտութենէն շշմած թուրքեր մա՛նաւանդ Մուսթաֆա Քեմալի առաջնորդութեամբ բորբոքած ազգայնական շարժումով կը վերադառնային կեղեքիչի, հարստահարիչի, ջարդարարի և ցեղասպանի իրենց սովորութիւններուն: Այդ զարգացումներուն հետեւանքով անգործադրելի պիտի դառնար Սեւրի Դաշնագիրը, պիտի չքանար Կիլիկիոյ մէջ հայկական ինքնավարութիւն մը ունենալու կարելիութիւնը եւ ի վերջոյ 1923-ին Լոզանի Դաշնագրով  հայ և այլ քրիստոնեայ հպատակներու արեան եւ աճիւններուն վրայ պիտի հռչակուէր հաստատումը հանրապետական Թուրքիոյ:

Յղում՝ https://arar.sci.am/dlibra/publication/399765/edition/369965:

Չորրորդ գրքոյկը խորքին մէջ վերատպութիւնն է 1985 թուականին հայ առաջին քաղաքական կուսակցութեան դարադարձին առիթով Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի Պէյրութ հրատարակած «Արմենական Կուսակցութիւնը» ուսումնասիրութեան՝ նախաբանի ընդարձակումով մը, ուր գնահատուած են այդ թուականէն ետք լոյս տեսած եւ Արմենական Կուսակցութեան գործունէութիւնը շօշափող գործեր: Գրքոյկը կը բաղկանայ 70 էջէ:

Յղում՝ https://arar.sci.am/dlibra/publication/399769/edition/369968:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին