Տիկին Մարի Արսլանեան
Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Հիլտա Արսլանեան
Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Լենա Թերզիպաշեան
Տէր եւ Տիկին ժիրայր եւ Ալինա Թանկուքեան
Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Թենի Արսլանեան եւ դուստրը (ԱՄՆ)
Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Մեղրի Արսլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Լալէ Թերզիպաշեան եւ զաւակունք (ԱՄՆ)
Տէր եւ Տիկին Վազգէն եւ Վերա Գոլանճեան եւ դուստրը
Տէր եւ Տիկին Անդրանիկ եւ Լարա Թանկուքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Մեղեդի Թանկուքեան եւ զաւակը (Հայաստան)
Հանգուցեալ Յակոբ Արսլանեանի զաւակները՝ Գրիգոր, Ճորճ եւ Անի
Հանգուցեալ Բիւզանդ Արսլանեանի զաւակները՝ Գրիգոր, Յակոբ, Անի եւ Շողիկ
Հանգուցեալ Հրանդ Արսլանեանի զաւակները՝ Արմէն, Մարալ եւ Սալբի
Արսլանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Թերզիպաշեան եւ Թանկուքեան ընտանիքներ
Անտոնեան եւ Միրզախանեան ընտանիքներ
Մելքիսէթեան եւ Եօղուրճեան ընտանիքներ
Գոլանճեան եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Պուտաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ Պէյրութ, 1925-ին )
մահը որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան: Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն » սրահին մէջ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 9 Փետրուարին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, նոյն վայրին մէջ:
- ԾԱՆՕԹ, կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ազգային առաջնորդարանի «Աշակերտ հովանաւորել» -ու ծրագրին:
***
Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, յատկապէս՝ իր հանգուցեալ եղբօր զաւակներուն Արմէնին, Մարալին եւ Սալբիին: