Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Խոտել Խեղաթիւրուած Դասագիրքը

Նոր Հանրակրթական Պետական Չափորոշիչով (ՀՊՉ) գրուած եւ ՀՀ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սփորթի (ԿԳՄՍ) նախարարութեան կողմէ երաշխաւորուած` ՀՀ հանրակրթական դպրոցի 7-րդ դասարանի «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթի միակ դասագիրքը (հեղինակ՝ Սմբատ Խ. Յովհաննիսեան) բաւական աղմուկ բարձրացուցած եւ մերժուած դասագիրք է Հայաստանի շատ մը ակադեմական կառոյցներու, պատմագէտներու, մանկավարժներու եւ իրաւապաշտպան ու հասարակական գործիչներու մակարդակով: Նոր դասագիրքը, ըստ շատ մը մասնագէտներու, ունի լրջագոյն բովանդակային բացթողումներ եւ ապազգային մօտեցում: Իր հեղինակած դասագիրքը կը փորձէ պաշտպանել հեղինակը, որ ի դէպ գիրքին միակ հեղինակն է, որպէս խմբագիր ունենալով իր… կինը, մինչ քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ նման դասագիրքեր կը հրապարակուին խումբ մը մասնագէտ համահեղինակներու պատրաստութեամբ: Իր երաշխաւորած կամ հովանաւորած սոյն սքանտալային դասագիրքին դէմ բարձրացուած արդարացի աղմուկին հանդէպ   մինչեւ այսօր տակաւին գործնական քայլի մը դիմած չէ նաեւ խնդրոյ առարկայ նախարարութիւնը, մինչ գիրքը արդէն աշակերտներուն ձեռքին է եւ դասաւանդութիւնը սկսած:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, Հայաստանի Հայկական Ժողովրդային Շարժում ՀԿ-ի ներկայացուցիչ՝ Վազգէն Պետրոսեան, ԿԱՄՔ ՀԿ-ի ներկայացուցիչ՝ Վահագն Չախալեան, Իրաւապաշտպան՝ Արման Մխիթարեան, ԱԶԳ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վերջերս հանդիպում մը ունեցան քննարկելու համար ՀՀ հանրակրթական դպրոցի 7-րդ դասարանի «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթի գիրքը ժողովրդային մակարդակով մերժելու համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու միջոցները:

Ժողովականները որոշեցին, յառաջիկայ շաբաթ հրապարակային Կլոր սեղան մը կազմակերպել համապատասխան մասնագէտներու մասնակցութեամբ, հարցին վրայ աւելի եւս լոյս սփռելու մտադրութեամբ: Հրապարակային այս միջոցառման աւարտին, պիտի յայտարարուի յառաջիկայ գործողութիւններու  ծրագիրը: Կլոր սեղանի թուականն ու վայրը կը յայտարարուի շուտով:

Հանդիպման ներկաները որոշեցին իրենց ժողովը բաց ձգել հրաւիրելով բոլոր այն գործընկերները, որոնք մտահոգ են այս խնդրով, միանալու այս նախաձեռնութեան մինչեւ ՀՀ ԿԳՄՍ դադրեցնէ նշեալ դասագիրքին օգտագործումը մեր հայրենիքին դպրոցներուն մէջ ու բարեփոխելու ձեռնարկէ անոր վտանգաւոր եւ ապազգային բովանդակութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին