Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը (Հ1), այսօր՝ Ամանորի գիշերով, վերջին պահուն հրաժարած է հեռարձակել Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Ամանորի ուղերձը:
Հակակրօնական գաղափարախօսութեամբ յայտնի Սովետական Միութեան շրջանին իսկ չպատահած երեւոյթ մըն է, որուն վկաները կ՛ըլլանք այսօր: Վազգէն Ա Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան շրջանէն ի վեր, աւանդաբար եւ անխափան կերպով Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով Ամանորի գիշերը երկրին օրուայ ղեկավարին ուղերձէն անմիջապէս առաջ կը հեռարձակուէր մեր ազգին Վեհափառ Հայրապետին ուղերձը։
Այս մասին քիչ առաջ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը պարզաբանում մը ցրուած է, որուն մէջ յատկապէս կը յայտնէ. «Այս տարի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը, վերջին պահին, առանց որևէ պատճառաբանութեան տեղեկացրեց, որ Վեհափառ Հայրապետի ամանորեայ ուղերձը եթեր չի հեռարձակուի կէսգիշերից առաջ, ինչպէս և աւանդաբար ընդունուած էր։ Փոխարէնն առաջարկուեց Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուղերձը ներկայացնել Լուրերի երեկոյեան թողարկման ընթացքում, ինչը Մայր Աթոռի կողմից պատշաճ չնկատուեց և մերժուեց։
Մնացած բոլոր մեղադրանքներն ու վերագրումները հերյուրանք են, իսկ նման որոշման պատճառների վերաբերեալ հարկ է դիմել Հանրային հեռուստաընկերութեանը»։
Հ1-ի երեկոյեան լուրերէն միայն ներկայացնելու առաջարկը, ուրիշ բան չէ, այլ զայն մոնթաժելու միտում: Այսինքն՝ ենթադրաբար, այնտեղէն զեղչելու Վեհափառ Հայրապետին ամէն ազգային կեցուածք, որ կրնայ հակասել «խաղաղութիւն մուրացող»ներուն քաղաքականութեան…:
Մեզի համար շատոնց ամէն ինչ արդէն պարզ է: Ազգային արժէքները ամէն ճակատի վրայ թիրախաւորուած են: Այսօրուայ պատահածը ընդամէնը վերջին օրինակն է:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱԿԱԶԴԵԼ՝
Պէտք Է ազգովին պոյքոթել Հ1-ը: Փոխարէն մէկ անձի նման, մեր ֆէյսպուքի եւ այլ նմանօրինակ էջերուն վրայ հնարաւորինս լայն հասանելիութեամբ տարածե՛լ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նշեալ ուղերձը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ