Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Շնորհաւորելի Համախմբում Եւ Կեցուածք, Սակայն

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, այսօր առաւօտ իր ֆէյսպուքի էջին վրայ հետեւեալ գրառում/ակնարկը ըրած է.

Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին մէջ գոյութիւն չունի փաստաթուղթ, որով կը նախատեսուի լուծարել պետական հիմնարկները: Այդ մասին դեկտեմբեր 22-ին հասարակական հիմունքներով պաշտօնավարումը շարունակող Արցախի պետական մարմիններու ղեկավարներու հետ հանդիպման յայտարարած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը։

Կը մնայ մատնանշել եւ համեստաբար յուշել առ որ անկ է, որ մինչ Ազրպէյճանական կողմը իր գործելաոճին մէջ շատ ուշադիր է բեմադրական եւ խորհրդանշական մանրամասնութիւններու, մեզի համար ալ պարտադիր պէտք է ըլլայ  նման հանդիպումներու լուսանկարները հրապարակուին աւելի ներկայանալի եւ խրոխտ, որուն ֆոնին հպարտօրէն երեւի Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին