Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Հոգեհանգիստ Հանգուցեալ Ընկեր Ներսէս Պապայեանի Յիշատակին

Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբերի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ ընկեր Ներսէս Պապայեանին: Հոգեհանգստեան պաշտօնը անձամբ նախագահած է ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանը:

Պապայեան ընտանիքի անդամներ եւ հարազատներ, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի գաղափարակից ընկերներ եւ գործակիցներ ներկայ եղած են արարողութեան:

Մեր հանգուցեալ ընկերոջ  մասին խօսք արտասանած է Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վեր առնելով անոր մարդկային, հրապարակագրական ու մտաւորական արժանիքները:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք ներկաները հաւաքուած են հոգեճաշի եկեղեցւոյ ներքնասրահը: Յաւուր պատշաճի խօսք առած են ընկեր Պապայեանի զաւակը` Երուանդն ու դուստրը` Թալինը:

Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով դարձեալ կը ցաւակցինք, մեր սգակիր բարեկամներուն, յատկապէս  ընկեր Ներսէսի այրիին` Հերմինէին եւ զաւակներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին