Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Վատին՝ Վա՛տ, Լաւին՝ Լա՛ւ, Սակայն…

Ազգային իմաստով իր խնդրայարոյց յայտարարութիւններով ծանօթ՝ ԱԺ նախագահ Ալան Սիմոնեանը, որուն հանդէպ միշտ ալ քննադատական կեցուածք ունեցած ենք, վերջերս հետեւեալ հետաքրքարական բովանդակութեամբ յայտարարութիւնը ըրած է.

«Երեւանը կը փոխի իր դիրքորոշումը ՀԱՊԿ-ի հանդէպ, եթէ այն կը յայտարարի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում ազրպէյճանական զինուժի ներկայութեան մասին և կը պահանջի դրա դուրս բերումը… Քանի դեռ նման դիրքորոշում չի հնչել կազմակերպութեան անդամ միւս բոլոր երկրների կողմից, Հայաստանը կը համարի, որ ՀԱՊԿ-ը չի աշխատում։  Երևանին պէտք չէ, որ Պելառուս կամ Ղազախ զինուորները գան և ազրպէյճանցիներին վտարեն հայկական տարածքից, հայկական կողմը պարզապէս քաղաքական յայտարարութիւն է ուզում»։ 

Վատին՝ վատ, լաւին՝ լաւ ըսելու մեր սկզբունքէն ելլելով կը շնորհաւորենք պետական մարդու յարիր այս կեցուածքը, եթէ անշուշտ լարախաղացութիւն չէ, լուրջ է եւ հետեւողական, երկակի նպատակներ չի հետապնդէր եւ անշուշտ ենթակայ չէ երկու չափ երկու կշիռի տրամաբանութեան: Ինչպէ՞ս:

Ռազմական գործակցութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բնական ու արդար  է նման ակնկալութիւններ ունենալ դաշնակիցներէ, պայմանաւ որ անոնց շուարեցուցած չըլլանք, մեր հակասական կեցուածքներով: Օրինակ Ալան Սիմոնեանի պատկանած իշխող խումբին անդամները իրենց ղեկավարով հանդերձ բազմիցս հակասական յայտարարութիւններ ըրած են ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման մանրամասնութիւններուն: «Սեւ լիճը, որո՞ւն պէտք է», «տարին 365 օր ձիւնի տակ եղող բարձրութեան մը համար կ՛արժէ՞ պատերազմ յայտարարել», «Շուրնուխը միշտ Ազրպէյճանական գիւղ եղած է (ականջը խօսի տխրայիշատակ Վիգէն Խաչատրեանին)»  եւ հայկական տարածքներէ ինքնակամ զիջելու նմանօրինակ բացայայտ մտադրութիւններ բարձրաձայնելէ ետք, ինչպէ՞ս կարելի է յուսալ այլոց օգնութիւնը, երբ մենք տակաւին չենք կողմնորոշուած հասկնալու, որ ի՛նչը մերն է եւ ի՛նչը չէ…

Աւելին, նոյն Ալան Սիմոնեանէն պէտք չէ՞ յուսալ այլ արդարացի յայտարարութիւն մը, զոր օրինակ՝ Երեւանը կը դադրեցնէ թուրք-ազրպէյճանական կողմին հետ հաշտութեան կամ սահմազատման ամէն բանակցութիւն, քանի չեն յարգուած Նոյեմբեր 9ի պայմանագրի կէտերը, ազրպէյճանական կողմը տակաւին գերի կը պահէ մեր շատ մը տղաքը, բռնագրաւած եւ բռնի տեղահանած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը: Նոյն անձնաւորութիւնը կամ իր թիմակիցները, ազգային-բարոյական կեցուածքով մը, պէտք չէ՞ յայտարարեն, որ չկայ խաղաղութիւն, քանի չկայ Արցախի հայկական պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան կամ Արցախահայութեան ապահով տուն վերադարձի եւ ունեցուածքի վերատիրացման երաշխիքը…:

Այո՛. Լաւին՝ լաւ, սակայն…

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին