Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի «Սխալ Եւ Անտեղի Ցոյց Թորոնթոյի Մէջ» Վերնագրով Յօդուածին Առիթով

Մեր թերթին, ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի յատկացուած սիւնակով հրատարակած էինք բազմավաստակ  ղեկավար ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի անդրադարձ յօդուածը՝ «Սխալ եւ Անտեղի ցոյց Թորոնթոյի մէջ» վերնագրով, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հիմնադրամի կազմակերպած ձեռնարկին սկիզբը տեղի ունեցած դատապարտելի ցոյց արարքին մասին՝ ուղղուած յանձինս Գանատայի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին:

Իր շահեկանութեան ու արդարացիութեան պատճառով, սոյն յօդուածը բաւական արձագանգ ձգեց սփիւռքի տարածքին, որուն առնչութեամբ ստացանք զանազան տպաւորութիւններ, որոնք կ’երկրորդէին յօդուածին մէջ յիշուած գաղափարները: Այս ծիրէն ներս տեղ կու տանք թերթիս բարեկամ, բազմավաստակ կրթական մշակ՝ Օրդ. Յասմիկ Քիւրտեանին մեզի ուղղուած նամակին,  որուն իբրեւ պատասխան կը հրատարակենք նաեւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին լուսաբանական անդրադարձը:

Խմբ.


Յարգելի Խմբագրութիւն «Զարթօնք» օրաթերթի.

Նոր կարդացի ձեր թերթին մէջ լոյս տեսած «Սխալ եւ Անտեղի Ցոյց Թորոնթոյի Մէջ. Սխալ էր Հասցէն, Նաեւ՝ Հասցէատէրը» վերնագրով, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին գրիչին պատկանող յօդուածը, վերջերս Թորոնթոյի մէջ պատահածին առնչութեամբ: Բարձր կը գնահատեմ իրողութեան իր անդրադարձը, բայց մէկ նկատողութիւն ունիմ. Ըստ երեւոյթին Պրն. Կէօնճեանի տեղեկութիւններէն վրիպած է այն մանրամասնութիւնը, որ  Թորոնթոյի Հիմնադրամը ինչպէս կը գործէ (իր այլապէս արդարացի գրութեան մէջ տեղ գտած, քննադատական նախադասութիւնը ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հիմնադրամի ընդմէջէն, ակամայ Թորոնթոյի հիմնադրամին ալ կը դպնայ:

Բացատրեմ. Տաս տարի է որ Թորոնթոյի Հիմնադրամի կամաւոր վարիչ տնօրէնն եմ. յանձնախումբ մը որ կ’ընդգրկէ բոլոր եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ անկախ անհատներ՝ ինչպէս ես:

Ամէն տարի ձեռնարկ մը կ’ունենանք, որուն ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւն կը փոխանցուի նուիրատուներուն, տարեգիրք կը բաժնուի, ուր եկամուտի եւ ծախսերու բոլոր մանրամասնութիւնները կը տրուին, ծրագիրներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական auditing-ը:

Արդարեւ, Թորոնթոյի Հիմնադրամը հաւաքած գումարները ինքնաբերաբար ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամին ՉԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻՐ: Թորոնթոյի Հիմնադրամը իր առանձին հաշիւը ունի: Եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հիմնադրամը Թորոնթոյի հաշիւէն չի կրնար գումար քաշել:

Յարգանօք՝

Յասմիկ Քիւրտեան

Թորոնթօ

***

Սիրելի Օրդ. Քիւրտեան,

Շնորհակալ եմ ձեր այս բացատրողական պատասխանին համար, որ կը վերաբերի Թորոնթոյի մէջ Հիմնադրամին կազմակերպած ձեռնարկի առթիւ պատահած տխուր միջադէպին առիթով գրած յօդուածիս:

Յօդուածիս մէջ միայն անցողակի, եւ հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրած էի Հ. Հ. Հիմնադրամի աշխատանքին որոշ ձեւերուն մասին:

Ձեր գրութեամբ, յայտնի է թէ պահանջը զգացած էք համոզիչ առարկայական տեղեկութիւններ տալ փարատելու համար իմ կատարած ակնարկութեանս տեղ տուող բուն մտահոգութիւնները:

Շնորհակալ եմ այդ տեղեկութեանց համար եւ չեմ ուզեր աւելի եւս մանրամասնել: Գովելի են բնականաբար ձեր որդեգրած նիւթական ապահովութիւն ներշնչող միջոցառումները, սակայն անոնք կը ստորագծեն իմ արտայայտած դիտողութեանս կարեւորութիւնը:

Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի ձեր որդեգրած ապահով գործելակերպին, կ’ուզեմ միայն իմ գնահատանքս յայտնել եւ յաջողութիւն մաղթել ձեր շարունակական շինիչ գործունէութեան:

Աւելորդ չեմ գտներ նաեւ այս առիթով պատեհ նկատելով վերյիշեցնել ձեզ եւ ձեր գործընկերներուն թէ, այնպէս ինչպէս գրութեանս մէջ ակնարկած եմ, 1992-թուին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով է որ հիմնադրուեցաւ Հ. Հ. Հիմնադրամը, պատկառելի հիմնադիր՝ այսպէս կոչուած « Հիմնադիր Կնքահայրեր»ու կողմէ որոնցմէ մէկը կը պատահէր որ ես էի, որպէս այդ օրերու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդապահ պանծալի գործունէութեան շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը:

Պատմութեան համար կ’ուզեմ աւելցնել թէ, անկէ տարի մը առաջ էր որ ես կրկին ի պաշտօնէ եկած էի Երեւան առանձին հանդիպելու Նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանին եւ այդ օրերու Հայաստանի անկախացման, ոգեւորիչ յուզումնախառն եւ փոթորկալից շրջանին, Ռ.Ա.Կ.-եան կողմէ յատուկ առաջարկներու Յուշագիրներէն մէկը ներկայացնելու նախագահին որուն մէջ մեր մանրամասն առաջարկը ներկայացուցի ստեղծելու համար Համահայկական Հիմնադրամ մը: Առանց յաւելեալ մանրամասնութեանց, մեր առաջարկած տարազը աւելի «համահայկական» էր եւ կը նախատեսէր Սփիւռքի մէջ ամէն մէկ հայու անդամակցութիւնը այդ Հիմնադրամին թէկուզ որոշներու համար համեստ գումարներով, սակայն որպէս իսկական ընդհանուր «Ազգային Տուրք»: Մեր առաջարկն էր նաեւ Հիմնադրամի վարչութեան մէջ տեղ տալ միջազգային վստահութիւն վայելող քանի մը հեղինակաւոր սփիւռքահայերու: Մնացեալը կը պատկանի պատմութեան «The rest is history»:

Ուզեցի որ այսքանն ալ գրուած ըլլայ յառաջիկային պատմութեան համար:

Յաջողութեան Մաղթանքներով՝

Արշաւիր Կէօնճեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին