ՎԱՐԴԱՆ ՍՐԿ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Խոստովանութիւններով, վկայութիւններով, սիրտի տրոփներով, տրտունջներով, մարդկային հրայրքով ու ամբոխումներով, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ կամքին ինքնաբուխ եւ յօժար համակերպումով ընդելուզուած գիրք մըն է։
Կը կրէ «Ցոլքեր Կեանքի Իրիկնամուտին» հոգեշահ խորագիրը։ Համադրած ու աշխատասիրած է Զմմառու միաբան Արհի. Հ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։
Կեանքի ալեւորութեան օրերուն, ժամանակը կը սկսի թուիլ միալար եւ միապաղաղ, ու երբեմն ալ՝ հոգեկան թախծութեամբ պարուրուած։
Սոյն հրատարակութիւնը, որ կ՚առաջարկէ Արհի. Հ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, խաչբուռ մըն է միջազգային դէմքերու, սուրբերու, մտաւորականներու եւ մաքրակրօն աշխարհականներու հոգիէն բխած խոհանքներու եւ աղօթահայց մրմունջներու Աստուծոյ հետ։
Հեղինակին համար, «Ալեւորութիւնը հիւսկէն մը չէ՛ լոկ խորշոմներու, որ կը կրենք մեր ճակատին վրայ դրոշմուած. այլ՝ այն գիրքն է ստուար, ուր էջ առ էջ կարելի է կարդալ կեանքի մը համակ ապրումներն ու ալիքաւորումները»։
Անգնահատելի ու գերազանցօրէն շահեկան հրատարակութիւն մըն է, որ սակաւաթիւ է ժամանակակից մեր հոգեւոր գրականութեան անդաստանին մէջ։
Լոկ ութսուն երկու էջ… եւ սակայն որքա՜ն խորքայնութիւն կը կշռեն այդ էջերը, որոնք կարելիութիւնը պիտի ընձեռեն հոգեսէր ընթերցողին, դե՛ռ աւելի մերձենալու իր Արարիչին ու առօրէական կեանքի գորշ պահերը հոգեղինացնելու Աստուծոյ սիրով։
****
Գիրքը ստանալու համար դիմել հեղինակին, որ սիրայօժար կը նուիրէ
Ել-գիր (email ): jeanteyrouz@hotmail.com