Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Հաւատք, Սէր և Նուիրում

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը կը շարունակէ իր առաքինութիւնը՝ դեղորայք հայթայթել կարիքաւոր ընտանիքներուն, Լիբանանի մէջ։

Այս օրերուն դեղ ապահովելը շատ դժուար եղելութիւն մըն է Լիբանանի մէջ։

Մէկը պէտք է որ դեղարանէ դեղարան վազէ, որպէսզի դեղ մը գտնէ։ Եթէ գտնէ !!!

Դեղերուն գիները շատ սուղ են եւ անմատչելի շատերուն։ Սակայն անհրաժեշտ է դեղորայքի գործածութիւնը երբ մէկը պէտք ունի։

Դեղեր ապահովելու համար Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը կը ստանայ օժանդակութիւն մը ԱՄՆ֊ի Ֆրեզնօ նահանգի բժիշկ Վարուժ Ալթիպարմաքեանէն, որ կը տնօրինէ «Քլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը։

Առ այս, Համախմբումի վարչութիւնը մանրակրկիտ աշխատանք կը կատարէ ամենայն զգուշութեամբ գոհացնելու իր անդամները, համակիրները, ծանօթները, դեղորայք ապահովելով իւրաքանչիւրին, անոնց շնորհելով մտքի հանգստութիւն, հոգեկան գոհացում՝ բարձր պահելով անհատին արժանապատուութիւնը։

Իւրաքանչիւրին հետ կապուելէ ետք, դիմորդները ներկայացան Շաբաթ՝ 8 եւ 15 Յուլիս, Հրայր Տանձիկեան Հաստատութիւն, Մըքալլէս Լիբանան, առաւօտեան ժամը՝ 9֊ – 12։

Իւրաքանչիւրին դեղերը դարձեալ վերստուգելէ ետք, բժշկին դեղագրին հիման վրայ, ենթականերուն յանձնեցինք դեղերը անհատական ծրարներու դրութեամբ, որուն հետ ստացան առողջութեան մաղթանքներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն նոր հասած օրհնուած մոմեր։

Դեղորայք ստացողները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին եւ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը միշտ կը ձգտի կատարել այն ինչ որ լաւ, դրական, օգտակար, բարի գործեր են ի Փառս Աստուծոյ։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին