Հինգշաբթի, 09. 05. 2024

spot_img

ՄԻԱՍԻՆ-ի Նորարական Ճամբարը Համախմբեց  Սերունդները

Յունիս 30-էն յուլիս 5 Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ երկու`աւագ եւ կրտսեր սերունդներու համախմբման ճամբար: Ճամբարին մեկնարկը տրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն` ստանալով Մայր Աթոռի հասարակական ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տէր Մարկոս քահանայ Մանգասարեանի օրհնութիւնը: «Ոսկէ սերունդ» ընկերային-կրթական ամառնային ճամբարը նախաձեռնած է «Միասին» հասարակական կազմակերպութիւնը:

ՀԿ-ի նախագահ Գէորգ Չիչեան մեզի հետ զրոյցին պատմեց, որ այն իրենց թռիչքային նախագիծն էր, եւ կազմակերպելու ընթացքին չէին կարծեր, որ այսքան լաւ արդիւնք պիտի արձանագրեն: «Նորարարական ծրագիրին  նպատակն էր հասարակութեան ուշադրութիւնը բեւեռել տարեցներու  հիմնախնդիրներուն, ցուցաբերել ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն, նպաստել անոնց օգտակար եւ հետաքրքիր առօրեայի կազմակերպման»:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Միասին» ՀԿ-ից, ճամբարին մասնակցած են Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստանի մարզերէն 20 տարեցներ, որոնք 5 օր շարունակ ձեռք բերին նոր ծանօթութիւններ, գիտելիքներ եւ ունեցան իւրօրինակ առօրեայ:

«Ճամբարին օրերուն ընթացին ոչ միայն ունեցանք յագեցած հանգիստ, նոյնիսկ պահ մը ինկանք մանկութեան գիրկն ու փոքր ինչ մանկացանք»,- կ՛ըսէ ծրագիրի շահառու Գիւլնազ Գրիգորեան:

Գրական-երաժշտական դասերու ուսուցչուհի Գոհար Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ մասնակիցները մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին իր դասերուն, իսկ հասակակիցներուն հետ շփումը անգնահատելի է:

Լրագրող, բժիշկ, հասարակական աշխատող, բեմադրիչ, իրաւաբան, լուսանկարող, հոգեբան եւայլն. բացի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն ճամբարին մասնակցեցան Երեւանէն եւ մարզերէն  21 ուսանող, որոնք իրենց մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնները կիրառեցին ծրագիրի ծիրին մէջ:

Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ-ի գեղարուեստական լուսանկարչութիւն բաժինի 4-րդ շրջանի ուսանողուհի Արփինէ Կարապետեան կ՛ըսէ` «Սկիզբը կը կարծէի, որ մեծահասակներուն հետ շփումը բարդ պիտի ըլլայ, սակայն արդէն առաջին օրը հասկցայ, որ իրենք մեզմէ աւելի եռանդուն ու ոգեւորուած են»: Մասնակից ուսանող Մանէ Գառնիկեանն ալ կը կարծէր, որ անծանօթ մարդոց հետ շփումը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ծրագիրին ընթացքին մտերմացած է թէ՛ ուսանողներուն, թէ աւագ ընկերներուն հետ:

Ճամբարին ընթացքին տարեցներուն համար կազմակերպուած են դասախօսութիւններ հոգեբանական թեմաներով, բժշկական խորհրդատուութիւններ, ձեռագործութեան եւ երաժշտական դասեր, հոգեւոր եւ մշակութային զրոյցներ: Ճամբար այցելած են Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նունէ Եսայեանը, Կոտայքի թեմի հոգեւոր հայրեր Տէր Յարութիւն քահանայ Ծատուրեանը եւ Տէր Համազասպ քահանայ Գրիգորեանը, հոգեբանութեան, Հայաստանի  ՀՕՄի «Ձեռարուեստի Կեդրոն»-ի ասեղնագործութեան ոլորտի մասնագէտներ:

Ծրագիրի  աւարտին մասնակիցները այցելեցին Կեչառիսի Վանական համալիր, ծանօթացան ստեղծման պատմութեան, վանքի առանձնայատկութիւններուն, այնուհետեւ այցելեցին Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան, ծանօթացան իրենց կեանքի նշանակալից դրուագներուն:

Ճամբարի փակման ձեռնարկին ներկայ էին  ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Էտնա Տէր-Վարդանեան, «Առաքելութիւն  Հայաստան» բարեգործական ՀԿ-ի հասարակական ծառայութիւններու համակարգող Մարգարիտա Յովհաննիսեան, ընկերային ծառայութիւններու զարգացման ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ այլ հիւրեր: 

Հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցան ծրագիրի շահառուները`տարեցներն ու երիտասարդ ուսանողները: Ճամբարի Ոսկէ-սերնդակիցները, գրական-երաժշտական դասի ուսուցչուհի Գոհար Յարութիւնեանի նուագակցմամբ, կատարեցին «Լելէ-լելէ», «Սեւ գիւլի», «Կանչում եմ, արի», «Նարէ» ազգային ժողովրդական երգերը: Ելոյթ ունեցան շահառուներ  Սուետա Գալստեանը`ասմունքելով «Ասա ի՛նձ, Տէր իմ», «Զարմանալի է կեանքը մարդկային», «Հերն էլ անիծած» բանաստեղծութիւնները եւ Գիւլնազ Գրիգորեանը առանձնացաւ «Եկեղեցին հայկական» ելոյթով:
Այս բոլորէն բացի երկու սերունդները պարեցին «Կարնոյ քոչարի» եւ «Ծաղկաձորի» պարերը:

«Միասին» ՀԿ-ի նախագահ Գէորգ Չիչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամին`  ծրագիրի արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ ունեցած նիւթական աջակցութեան համար`յոյս յայտնելով, որ այս ճամբարը պիտի ունենայ յետագայ շարունակութիւն:

ՀԿ-ի ծրագիրներու խորհրդատու Սիրվարդ Համբարեան ընդգծեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ, իսկապէս, տարեցներուն դրական ապրումներ կը պարգեւեն եւ կը նպաստեն իրենց հիմնախնդիրներու որոշակի լուծման:

ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Էտնա Տէր-Վարդանեան ըսաւ, որ ծրագիրը հիանալի հնարաւորութիւն ընձեռեց մէկտեղելու ոսկէ սերունդի եւ երիտասարդներու հաղորդակցութիւնը:

«Առաքելութիւն Հայաստան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան ընկերային ծառայութիւններու համակարգող Մարգարիտա Յովհաննիսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց «Միասին» ՀԿ-ին  համագործակցութեան համար եւ հանդիսատեսին փոխանցեց կազմակերպութեան տնօրէն Երուանդ  Մխիթարեանի ողջոյնի խօսքը: Ընկերային ծառայութիւններու զարգացման ղեկավար Աննա Գրիգորեանն ալ նկատեց , որ մենք ենք մեր կեանքին գոյներ տուողը, եւ ոչ ոք միայնակ չէ, իւրաքանչիւր գործի մէջ մենք բոլորս միասին ենք:

Հանդիսաւոր փակման  արարողութեան աւարտին ծրագիրի մասնակից ուսանողներուն յանձնուեցան հաւաստագիրներ, գործընկերներուն`շնորհակալագիրներ եւ  ձեռնարկը ամփոփուեցաւ Գոհար Յարութիւնեանի գրած «Ոսկէ սերունդ»  ճամբարի հիմներգի կատարմամբ:

Աւելցնենք, որ ծրագիրը իրականացուած է ԵՀԽ հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամի եւ Միւնիխի Հայ-գերմանական «Անուշ» պարի եւ մշակոյթի կեդրոնի ֆինանսական աջակցութեամբ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին