Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

«Մեր Այս Տարուայ Շրջանաւարտները Կ՛անուանենք Երուանդ Ազատեան Հունձք Մաղթելով, որ Սոյն Հոյլը Պահելով Նման Ղեկավարի Մը Ձգած Ազգային Աւանդը,  Շարունակէ՛ Ընթանալ Անոր Ուղիով». ՎԹՎ Տնօրէնուհի՝ Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան

Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը, միշտ եղած է ուսման վառ օրրան ու հայեցի դաստիարակութեան անմար օճախ. անսասան բերդ մը յոյսի եւ հաւատքի, ուր հայ մանուկը կը թրծուի ազգային վեհ սկզբունքներով, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ եւ անհուն մարդասիրութեամբ:  

Հովանաւորութեամբ վարժարանիս Հոգաբարձութեան, ներկայութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութեան անդամներուն,  ինչպէս նաեւ ԹՄՄի տեղական եւ հիւսիսային Ամերիկայի վարչութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու, շրջանաւարտ աշակերտներու, ծնողներու, պաշտօնէութեան եւ հիւրերու, Շաբաթ 1 Յուլիս 2023, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Վարժարանին «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի հունձքի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, որ ձօնուած էր ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿի ղեկավար, ՌԱԿի Համադրուած Մամուլի հիմնասիւներէն, համբաւաւոր մտաւորական, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր, նորոգ հանգուցեալ՝ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի անունը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար, վարժարանի Հայերէն լեզուի ուսուցիչ՝ Տիար Աւետիս Տիպան: Ան՝   ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել նորոգ հանգուցեալ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի խնկելի յիշատակը, ապա հակիրճօրէն ակնարկեց մտաւորականին գրական եւ հասարակական գործունէութեանց մասին, ինչպէս նաեւ անոր բերած նիւթաբարոյական ներդրումին Հայրենիք-Արցախ եւ Սփիւռք կապերու ամրապնդման. ազգային, քաղաքական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ:

Հանդիսավարը գնահատական խօսքերով նաեւ անդրադարձաւ բոլոր անոնց, որոնք լռելեան գործեցին եւ անշահախնդրօրէն սատար հանդիսացան վարժարանին ուսման մակարդակի յարաճուն բարելաւման եւ անցնող ուսումնական տարեշրջանի ձեռքբերումներուն։

Բացման խօսքէն ետք սկիզբ առաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրը: Ելոյթ ունեցան Մանկապարտէզի նորափթիթները «Զոմա-զոմա» պարով եւ «Ղարաբաղցին» երգի երաժշտական գործիքներով մեղեդային կատարմամբ: Ապա ընթացաւարտ Նախ. Զ. դասարանի սաները խրոխտաբար պարեցին «Քոչարի»-ն, պարուսոյց՝ Օրդ. Փաթիլ Պալապանեանի:

2022-2023 տարեշրջանի Կրթական խօսքը փոխանցեց մեր վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան: Ան՝ իր  յարգանքի խօսքով յիշեց նորոգ հանգուցեալ մտաւորական Երուանդ  Ազատեանին ըսելով.- «Այս առթիւ, բարոյական պարտք կը համարեմ երախտագիտութեամբ յիշել ու յարգանքի մեր տուրքը մատուցանել օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Միացեալ Նահանգներու՝ ՌԱԿ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան յայտնի ղեկավար, Ազգային գործիչ ու մտաւորական՝ Երուանդ Ազատեանին։ Փափաքելի է, որ  Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ հասակ առնող մեր մատաղ սերունդը, պահելով նման ղեկավարի ձգած ազգային աւանդը,  շարունակէ՛ ընթանալ Անոր ուղիով, հաւատարմօրէն ծառայելու համար հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին, զինուելով՝ ներկայ ժամանակներու գիտելիքներով:  Վարժարանիս ղեկավարութիւնը նպատակայարմար գտաւ որ այս տարուայ մեր հունձքը անուանենք Երուանդ Ազատեան Հունձք

Ապա ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ ընթացաւարտ ուսումնական տարեշրջանի վարժարանին յաջողութեանց մասին, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին: Ուստի, ան իր խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան ու կը շարունակեն կանգնիլ վարժարանի բարգաւաճման ու վերելքին, մասնաւորաբար նշելով մեր վարժարանի արժանաւոր հովանաւորներ՝ Տէր եւ Տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն, անոնց ցուցաբերած անսակարկ նուիրուածութեան, բազմավաստակ ջանքերուն եւ շարունակական աջակցութեանց համար:

Յարգարժան տնօրէնուհին կրթական խօսքին ընդմէջէն  շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութեան, վարժարանիս հանդէպ ցուցաբերած իր անվերապահ աջակցութեան համար, որովհետեւ անոր աշխատանքին ու գուրգուրանքին արդիւնքով է, որ կը շարունակենք հայակերտման մեր նուիրական գործը,  հասցնելով հայաշունչ ու հայրենասէր առողջ սերունդներ:

Շնորհակալական խօսքեր նաեւ ուղղեց վարժարանիս խնամատար ու հոգատար Հոգաբարձութեան, որուն  բծախնդիր հսկողութեան, յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ է որ տեղի ունեցող բոլոր փոփոխութիւններուն կողքին, վարժարանէն ներս կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը մնան միշտ բարձր մակարդակի վրայ, ամուր ու խոստումնալի։

Տնօրէնուհին նաեւ անդրադարձաւ վարժարանիս կատարած ներդպրոցական եւ արտադպրոցական գործունէութեանց յաջողութեան՝ շնորհակահակալութիւն յայտնելով ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան եւ  Ծնողաց Յանձնախումբին, որոնք մեծ համբերութեամբ ու  անձնուիրաբար օժանդակեցին անոր բոլոր կարիքներուն, ապահովելով անցնող ուսումնական տարեշրջանին յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտութիւն. աշակերտներուն առօրեան դարձնելով բովանդակալից ու բարձրորակ:

Կրթական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի շրջանաւարտներու հպարտ քայլարշաւը ոգեւորիչ երաժշտութեան ներքոյ:  Մուտք գործեցին մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի փոքրերը: Անոնք արտասանեցին իրենց հրաժեշտի խօսքերը՝ անհատաբար, որմէ ետք ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ՝ վարժարանիս Հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիկ. Մարինա Քիւրէճեան Սարաֆեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի եւ Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Սունկուլեան Հաննայի:  Ապա մուտք գործեցին ընթացաւարտ Նախ. Զ. Դասարանի աշակերտները: Անոնք ելոյթ ունեցան «Ախպերս ու Ես» ռազմահայրենասիրական երգով, ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգ-երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Տիար Ղազար Քէօշկէրեանի:

Յանուն Նախ. Զ. Դասարանի ընթացաւարտներուն, Անգլերէն լեզուով ուղերձը արտասանեց ընթացաւարտ աշակերտ՝ Աղասի Փափազեան, որմէ ետք ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ՝ վարժարանիս Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Պերճ Արապեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի եւ դաստիարակ Օրդ. Սինթիա Միլատէնեանի:

Ի վերջոյ մուտք գործեցին  Միջն. Գ. դասարանի շրջանաւարտները, որմէ ետք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը Հայերէն, Արաբերէն եւ Անգլերէն լեզուներով: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ պատկերուած էին լուսանկարներ շրջանաւարտներու դպրոցական առօրեայէն:

Յանուն Միջն. Գ. դասարանի շրջանաւարտներուն, Հայերէնով ուղերձը  ընթերցեց շրջանաւարտ՝ Ալեքս Գոճայեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը, ձեռամբ՝ վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան-Մակարեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի եւ դաստիարակ Օրդ. Սիւզան Թազեանի:

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան համար բեմ հրաւիրուեցան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի  ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեան եւ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ միաժամանակ Մեծն Նիւ Եորքի Վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Հիլտա Քիւրէճեան Յարութիւնեան, ընկերակցութեամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի:

Վարժարանիս Հոգաբարձութհան ու Տնօրէնութեան անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան ԹՄՄ Հիւսիսային Ամերիկայի Մեծն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ժրաջան ատենապետուհի՝ Տիկ. Հիլտա Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք մեր վարժարանի արտադասարանային գործունէութեանց կամաւորաբար մասնագիտական հմտութիւններ փոխանցեցին մեր աշակերտներուն՝ թատրոնի, ճատրակի եւ կողովագնդակի մէջ եւ անոր, որ վարժարանին ատենամարզանքներուն կատարեց լուսանկարչական աշախատանքներ:

Հանդէսի  աւարտին   հանդիսավարը  բեմ հրաւիրեց վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեանը կատարելու Հուսկ Բանքը: Ան իր խօսքին ընդմէջէն ամենայն ինքնավստահութեամբ հաստատում մը կատարեց ըսելով. «Մենք հպա՛րտ ենք մեր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ցուցաբերած ջանասիրութեան եւ  իրագործած  անխոնջ աշխատանքին համար: Սակայն, մենք չենք բաւարարուիր այսքանով… այլ տարուէ՛ տարի կը բարելաւենք ե՛ւ պիտի բարելաւենք մեր կրթական, դաստիարակչական եւ ուսումնական ծրագիրները, միշտ  քայլ պահելով ժամանակակից պահանջներուն հետ, գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն պատճառելու համար մեր ծնողներուն,  աշակերտներուն եւ Թէքէեանական շրջանակին:»

Ապա մեծ հպարտութեամբ եւ  ուրախութեամբ ներկաներուն տեղեկացուց, թէ Վահան Թէքէեան վարժարանի Մանկապարտէզի բաժինը շատ շուտով պիտի արդիականացուի… պիտի  վերանորոգուի, ու անուանուի՝  «Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու Տիպար Մանկապարտէզ», որուն պաշտօնական վերաբացումը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի 2023-24 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը:» Որմէ ետք շնորհակալական խօսքեր յղեց բոլոր անոնց, որոնք անվերապահօրէն եւ հաւատարմութեամբ սատար հանդիսացան ու կը հանդիսանան վարժարանին գոյատեւման եւ սահուն ընթացքին:  Իր խօսքը աւարտեց «Երուանդ Ազատեան» Հունձքին փոխանցելով կարեւոր խրատներ:

 Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի 2022-2023 տարեշրջանի ամավերջի Հանդէսը աւարտեցաւ բեմավարի շնորհաւորանքի շէն խօսքերով, որմէ ետք շրջանաւարտներն ու ընթացաւարտները բեմին առջեւ ընդունեցին  բոլորին   շնորհաւորութիւնները:

Բարի երթ եւ լուսաշող ապագայ կը մաղթենք Մեսրոպի շունչով եւ Լուսաւորիչի ջահով դաստիարակուած մեր շատ սիրելի շրջանաւարտներուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

                                                                      Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի

                                                                                       Լրատուական Գրասենեակ (Յապաւումներով)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին