Երկուշաբթի, 06. 05. 2024

spot_img

Մահացածին Մասին Կամ՝ Լաւը, Կամ՝ Ոչինչ, ԲԱՑԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵՆԷՆ

Վերնագիրը ժողովրդային յայտնի խօսք մըն է, որ մեր այսօրուայ սիւնակին նիւթին համար հարկ եղաւ փոխ առնել:

Արդարեւ, յետմահու մարդու մը երկրային կեանքին ընթացքին տածած վարքին ու կատարած գործին մասին վատաբանութիւնը ընելը եթէ անպատշաճ է, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ սակայն պարտաւորիչ է ըսել: Հակառակ պարագային հասարակ մահկանացուներս պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կը կորսնցնենք: Առ այս, յոյս կ՛ունենանք, որ մեր մահուամբ ամէն վատ բան կը ջրուի ու մնացողները բարոյական ինչ, որ սխալ ըմբռնուած սկզբունքներէ ելլելով կը խուսափին մեր վատ բաները մատնանշելէ:  

Սակայն ըստ իս կայ մէկ պարագայ միայն, ուր մեռնելով կարելի է տուեալ մարդուն կենսագրութիւնը սրբագրել: Այս կը պատահի երբ մարդս կը զոհուի իր պապերուն Հայրենիքին ու պատկանած Ազգին սիրոյն եւ իր մահը կը ծառայէ նշեալ գերագոյն արժէքներուն գոյատեւման:  

Երկու շաբաթ առաջ, Հայաստանի մէջ, սրտի կաթուածէ մահացաւ անձ մը (որուն մահուան դէպքը վստահաբար անմիջապէս վերը նշուած պարագաներէն չէ անշուշտ): Մահացողը՝ ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ ՔՊ-ական պատգամաւոր՝ Վիգէն Խաչատրեանն էր: Իր մահուան լուրը առիթ հանդիսացաւ չափազանց հակասական կարծիքներով իր կեանքին ու գործին մեծամաշտաբ քննարկմանը: Այս բանը լայն տարողութեամբ շարունակուեցաւ, ինչպէս Ազգային Ժողովին մէջ տեղի տալով անհեթեթ քաշքշուքի: Քննարկումները անսահման էին հայկական պաշտօնական լրատուական միջոցներուն, թէ ընկերային համացանցի հարթակներուն վրայ:

Հետեւաբար, ինչպէս հայկական լուրերով հետաքրքրուած ամէն մարդ, ակամայ իմ կարգիս ես ալ ականատես ու ականջալուր հանդիսացայ յետմահու աննախադէպ երեւոյթի մը, որ իմ կենսափորձիս ընթացքին բնաւ չէի հանդիպած:

Փորձեցի չիյնալ վերոյիշեալ հակասական կարծիքներու յորձանուտին մէջ, իմ կարգիս գովերգելով կամ վարկաբեկելով մահացած անձը:

Մնաց սակայն որպէս փաստացի ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ  այստեղ թուել, Վիգէն Խաչատրեանին վերջին տարիներուն՝ իր հասուն տարիքի կենսագործութեան ընթացքին արտայայտած շարք մը միտքերն ու կեցուածքները, մեր ընթերցողներուն հայեցողութեան ու խիղճին ձգելով զանոնք ընկալելը որպէս ԼԱՒԸ կամ ՎԱՏԸ.

  • «88-ի շարժումը բերեց նրան, որ Ղարաբաղը հայաթափուեց…Տարիներ են անցել, և այսօր կարելի է ասել, որ թերևս ճիշտ չի եղել «Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմում ապագայ չունի» գաղափարը»: (Վ. Խ. – 14.04.2022)
  • «Հայաստանն առանց Արցախի ապագայ չունի» թէզը շատ վտանգաւոր է»: (Վ. Խ. – Հոկտեմբեր 2021)
  • «Բացի ձեզանից եւ Արցախից ոչ ոք Արցախի տարածք չի ընդունում: Ոչ ոք։ Ես իհարկէ չեմ ընդունում: Եթէ դուք ուզում էք, որ Ազրպէյճանը երկրորդ պատերազմը Հայաստանի հետ սկսի, եկէք յայտարարենք դա»։ (Վ. Խ. – Հոկտեմբեր 2022)
  •  «Եթէ Հայաստանը նախապէս իր պայմաններն Ազրպէյճանին հնչեցնի, այդպէս կ՛օգնի մեր դէմ հակափաստարկներ հաւաքագրել և գործել, ինչը սխալ է» (Վ. Խ. – Մարտ 2022)
  •  «Ազրպէյճանի կազմում չի նշանակում անկարգավիճակ, դա էլ է կարգավիճակ» (Վ. Խ. – 14.04.2022)
  • «Անհասկանալի է, երբ Ղարաբաղի հանրահաւաքում պահանջներ է ներկայացւում Հայաստանից․ ՀՀ-ից պահանջելու իրաւունք ունեն ՀՀ քաղաքացիները»: (Վ. Խ. – Նոյեմբեր 2022)
  • «Ցանկացած շփում Ազրպէյճանի ղեկավարի հետ պէտք է համարել առաջընթաց»: (Վ. Խ. –23.05.2022)
  • «Հայաստանը չունի այն ուժը, որ Ղարաբաղը հեռացնի Ազրպէյճանից: Ասում են՝ Ղարաբաղը տալիս էք Ազրպէյճանին, մի բան, որ մերը չի, ո՞նց ենք տալիս»։ (Վ. Խ. – 09.11.2022)

Շարքը երկար է, սակայն բաւարարուինք մտքի այս «գոհարներով»: Ի դէպ այստեղ նշուած վերջին յայտարարութիւնը Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ամենայն փութկոտութեամբ տարածեցին օրին (տես նկարը) շնորհակալութեան եւ գովասանքի խօսքեր յղելով Խաչատրեանին…: Այս ալ Ճշմարտութիւն է՛:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին