Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Դաշնակցութիւն. Փրակմաթի՞զմ, Թէ Տառապեալ Հայ Ժողովուրդէն Անջատուած՝ Շիզոֆրենիք Վիճակ

ԺՈՐԺ ԱՔՈՒՐԻ

Իր շահեկանութեան համար, ստորեւ թարգմանաբար կը հրատարակենք Լիբանանցի ծանօթ լրագրող եւ քաղաքական գործիչ, մեր գործընկեր՝ Ժորժ Աքուրիին վերջերս ստորագրած յօդուածը, որ հրատարակուած է լիբանանեան արաբատառ «Նիտաա Ալ Ուաթան» 19 Յունիս 2023 թուակիր օրաթերթին մէջ:

Հայ ժողովուրդի բարեկամ, մեր կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, լրագրող այլ խիզախ գործընկերներուն հետ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը վաւերագրած ու արաբական աշխարհին հայամէտ լրատուութիւն կատարած մեր սիրելի գործընկերը, սրտցաւ պոռթկումով մը կ՛անդրադառնայ ցաւալի երեւոյթի մը մասին, որ դժբախտաբար քրոնիկ է տուեալ կուսակցութեան համար:

Մեր կողմէ աւելցնենք, որ Հայկական առումով, Լիբանանի մէջ մեր բնական դաշնակիցները համարուող քրիստոնեայ հիմնական կուսակցութիւններու հակառակ ուղղութեան վրայ քաղաքականութիւն վարելը բաւական արկածախնդրական է եւ անպայմանօրէն մեր հաւաքական շահին չի համապատասխաներ: Անձնական եւ շահադիտական նկատառումներով կարելի չէ, ամբողջ համայնքի մը վարկին հետ խաղալ, յաչս՝ դաւանակից կողմերուն, որոնց հետ նոյն տարածաշրջանին մէջ կը բաժնենք նոյն ճակատագիրը:

Յօդուածագիրը լաւապէս կը մարմնաւորէ լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող քաղաքական կողմերուն պահուածքը կողքէն դիտող փորձառու  կերպարը, որուն կարծիքին ու վերլուծութեան կարելի չէ թեթեւութեամբ մօտենալ:

«Խմբ.»


Գիտակցական կեանքի տարիք թեւակոխելէս ի վեր, իմ մէջ հարցեր ծագած են Լիբանանի վրայ սուրիական «խնամակալութեան» եւ այդ պատճառով ու այդ տարիներուն  ստեղծուած «ապահովական» վարչակարգին բանեցուցած հալածանքներուն ժամանակ Դաշնակ կուսակցութեան (որուն շարքերուն մէջ շատ մը ընկերներ ունիմ) դիրքորոշումներուն վերաբերեալ:

Անձնապէս Հայ Դատի ջատագովը, ինծի համար անհասկնալի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ Արարատ լերան նման ամուր ժողովուրդի մը ժառանգորդը ըլլալ, շառաւիղը առաջին քրիստոնեայ պետութեան զաւակներուն, արիւնով ու արցունքով մկրտուած ցեղասպանութեան մը յիշատակը կրել, ինքնիշխանութեան համար կենաց մահու պայքար մղել Արցախը ազատագրող ժողովուրդի մը ծոցէն ծնած ըլլալ, սակայն Լիբանանի մէջ հլու հնազանդ ենթական ըլլալ բռնագրաւիչ սուրիոյ ճնշումներուն:

Ինչպէ՞ս կարելի է տեղ մը ազատատենչ ժողովուրդի մը ներկայացուցիչը ըլլալ, մինչ այլ տեղ ըլլալ միապետական վարչակարգի մը կողքին, աչք փակելով Լիբանանի մէջ անոր գործադրած բռնարարքներուն, քաղաքական ոճիրներուն ու բանտարկութիւններուն:

Նմանօրինակ հարցադրումներս աւելի սրուեցան երբ 2020-ի Հոկտեմբերին, Արցախեան պատերազմի օրերուն լրագրող այլ գործընկերներու հետ այցելեցի Հայաստան եւ ամենավտանգաւոր պայմաններու մէջ հասայ Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ: Հրետանային եւ անօդաչու սարքերուն սփռած մահուան ֆոնին, որ լրագրողներն անգամ չէր խնայեր մենք մտանք ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Շուշի քաղաքը, որ վերածուած էր ուրուականներու քաղաքի: Տեղւոյն Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիին շրջափակին մէջ արկեր թափուեցան մեր վրայ… այդ պահերուն յիշողութիւնս ինձ վերադարձուց Լիբանան եւ վերյիշեցի պատերազմի տարիներու լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը: Արցախի մէջ Հայ ժողովուրդի զաւակները քաջութեամբ,  անձնազոհութեամբ ու հաւատքով կը պաշտպանէին իրենց հողը, ինքնութիւնն ու պատմութիւնը դիմակալելով զէնքի ահաւոր ուժ մը եւ թշնամիին հետ համեմատած սպառազինական անհաւասարակշռութիւնը: Այնտեղ սիրտս կրկին բաբախեց վերյիշելով իմ երկրին մէջ մանուկ հասակիս մեր գլխուն թափուած «Կրատ»ի, «155մմ» եւ «240մմ» հրթիռներուն ահը:

Նոյն օրերուն Երևանի մէջ երկիւղածութեամբ զգացի Տիրամօր ներկայութիւնը: Ակնածանքով այցելեցի Եռաբլուր ուր կը ննջէին տարիներու ընթացքին Ղարաբաղեան մարտերուն զոհուած նահատակները այլ յայտնի Հայ հերոսներուն ու խորհրդանիշներուն կողքին:   Այնտեղ խունկ, վարդեր ու արցունք կը բուրէր ուր սրբավայրի վերածուած շիրիմները օր մը պիտի անպայմանօրէն ծաղկին: Յարգանքով այցելեցի  Ծիծեռնակաբերդ, ուր կանգնած է 1915-1918 տարիներուն թուրքերուն կողմէ գործադրուած  Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը:

Կը զմայլէի  այս մեծ ու դիմադրող ժողովուրդին զոհողութիւններուն վրայ երբ իմ դէմ դարձեալ յայտնուեցաւ Դաշնակ կուսակցութեան գործելաոճը Լիբանանի մէջ ու զգացի այս կուսակցութեան, ազատատենչ Հայ ժողովուրդին պայքարի ոգիէն կտրուածութեան չափը։

Երեւանի մէջ երիտասարդներ կը պատրաստուէին ռազմաճակատ երթալու, սակայն ոչ միլիշիայի կարգավիճակով, այլ՝ պետութեան ու անոր օրինական ​​բանակին դրօշին ներքոյ։ Երկինքին կը ծածանէին Հայաստանի ու Արցախի դրօշները միայն: Փողոցներուն մէջ չկային Լիբանանի փողոցներուն նմանողութեամբ տեղական կամ օտար առաջնորդներ փառաբանող նկարներ:

Երէկ Լիբանանի մէջ Դաշնակ կուսակցութիւնը հերթական անգամ ըլլալով հեռանալով Լիբանանի ինքնիշխանութեան համար պայքարողներու կլիմայէն (հակառակ քրիստոնեայ կողմերուն որդեգրած միասնական կեցուածքին) անոր երեսփոխանները քուէարկեցին ապօրինի զէնքի ու ամբարտաւանութեան կողմը ներկայացնող նախագահական թեկնածուին:

Ի տես այս բանին, իմ քրոնիկ հարցադրումները դարձեալ գլուխ բարձրացուցին. Դաշնակ կուսակցութիւնը  մինչև այսօր չի՞ գիտակցիր, որ Լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ որդեգրած իր ուղին, սկսած է իրեն կորսնցնել տալ իր շրջապատը, և սա չի վերականգնուիր ինչ ալ ըլլան   իշխանութեան վրայ մնալու իրենց երազանքները: Ինչո՞ւ այս կուրութիւնը: Ան չի՞ կարդար քուէատուփերուն մէջ յայտնուած իր ստացած ձայներուն քանակի նուազումը: Անօգուտ է ինքնախաբէութեամբ մը արդարանալ պատճառաբանելով, որ համայնքին թիւն է որ կը նուազի ու հետեւաբար քուէները: Արտագաղթի երեւոյթը բոլոր համայնքներուն կը վերաբերի: Լիբանանի մէջ սկսած «Հոկտեմբեր 17»ի ստեղծած նոր մթնոլորտը փոխած է հասարակական կարծիքը իր կուսակցութիւններուն հանդէպ անոնց վարած սխալ քաղաքականութիւններուն ի տես: Դաշնակցութեան նահանջը թուային առումով  այնքան մեծ է, որ անհեթեթ է անիրական պատրուակներով արդարանալ:

2018-ի և 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու պարզ համեմատութեամբ մը կը տեսնենք, որ  դաշնակ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան իր ընտրաշրջան՝ Մեթնի մէջ ստացած ձայներուն թիւը նուազած է 30,75%-ով։ Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ դաշնակ թեկնածուներուն ստացած ձայներուն ընդհանուր թիւը նուազած է 24,23%-ով։ Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ նմանօրինակ նահանջը հաստատ է (տես ներքեւի տախտակը).

Դաշնակցական թեկնածուներու ստացած ձայներու համեմատութիւն   

ՄեթնՅակոբ Բագրատունեան
20187182
20224973
ՊէյրութՅակոբ ԹերզեանԱլեքսանտր ՄաթոսեանՍերժ Չուխատարեան, ապա՝ Սերժ Մելքոնեան
201834512376717
20222647221695

Հայկական համայնքը լիբանանեան ժողովրդագրական հիւսուածքի բաղադրիչ անբաժանելի մասն է: Կեթոներու ու ազգայնական լարուածութիւն ստեղծելով հող շահելու ժամանակներն ալ անցած են: Հետեւաբար աւելի լաւ է Դաշնակ կուսակցութեան համար, որուն մենք կը յարգենք, վերանայի իր քաղաքական հաշուարկները, քանի դեռ ուշ չէ: Ան գոնէ թող վերադառնայ լիբանանի մէջ գործող  հայկական կուսակցութիւններուն պատմական քաղաքական գծին, որոնք ամբողջ պատերազմի ընթացքին բարձր պահեցին չէզոքութեան և պետականութեան գաղափարին հաւատարիմ մնալու դրօշը։ Այն կուսակցութիւնը, որ չի յարգեր ու կիսեր իր միջավայրին մտահոգութիւնները և չի պահպաներ իր պատմական ինքնութիւնը, անխուսափելիօրէն կը թուլանայ ու կը քայքայուի: Սա անուրանալի իրողութիւն է։

«Նիտաա Ալ Ուաթան»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին