Խոր կսկիծով ՌԱԿ-ի Եգիպտոսի շրջանակէն մեզի հասաւ ՌԱԿ-ի հաւատաւոր նուիրեալ, ՀԲԸՄ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան եւ Կոկանեան Սրահի մշակութային յանձնախումբի անձնուէր անդամ` ընկերուհի Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանին վաղաժամ մահուան գոյժը:
Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ մեր սիրելի ընկերուհիին ամուսնոյն՝ ընկ. Հրայր Ճըղալեանին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն:
Յիշատակը մնայ անթառամ:
***
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի տեղափոխուի ու ամփոփուի Հելիոպոլսոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։
Ընկ.հի Կասիային ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Ուրբաթ, Յունիս 9-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7-10։