Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Իրավիճակ

Թշնամին աստիճան մը եւս սեղմելով օղակը Արցախի քաջարի ժողովուրդին վզին եւ անգամ մը եւս լկտիօրէն խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը, պաշտօնապէս արգելափակեց Բերձորի (Լաչինի) ճանապարհը, այնտեղ զինուորական անցակէտ մը տեղադրելով:

Անցակէտի տեղադրման թուականի ընտրութեան մէջ, Ալիեւ անգամ մը եւս դիմած է իր սիրած խորհրդապաշտութեան (symbolism): Ան շատ հաւանաբար, ծաղրելու համար մեր Հայրենիքն ու ժողովուրդը ղեկավարող ապիկար իշխանութիւնն ու անոր գլխաւոր ղեկավարը, ընտրած է 2018ին պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք իշխանութեան հասած խմբակին, մեր Հայրենիքին իշխանութիւնը պաշտօնապէս զաւթած ըլլալու օրուան թուականը՝ 23 Ապրիլը…:

Այս իրավիճակին ի տես, եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրող համահաւասար կողմը, որ նաեւ անմիջականօրէն առնչուած է այս խնդրին հետ՝ ՀՀ-ն, ընդամէնը Արտագին Գործոց նախարարութեան մակարդակով դատապարտումի կոչ մը հրապարակեց: Երեւի պէտք է գոհ ըլլալ այս բանով, որովհետեւ խաղաղութիւն մուրացող իշխանութիւն մը կրնար նաեւ ընդամէնը «մտահոգութիւն» յայտնող յայտարարութիւն մը ընել այս առիթով:

Իսկ ժողովրդային մակարդակով, ապաւինողականութեան ռահվիրայ մեր ազգը (ներառեալ հակառուս զանգուածը անշուշտ) նոյն օրը, հեռատեսիլներուն առջեւ գամուած կամ մարզասրահին մէջ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ծանրամարտի եւ ըմբշամարտի եզրափակիչ հանդիսութիւն կը դիտէ, ձեռքի տակէ այպանելով ռուսական կողմը կամ ակնկալելով անկէ, որ իբրեւ եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրող կողմերէն մին, ի՛նքը միջամտէ լուծելու մեր հարցերը:

Այս բոլորին զուգահեռ, կայ նաեւ այլ վիճակ մը: Երկու անգամ այս իշխանութիւնը ընտրած ազգիս համապատասխան մասսային մէկ կարեւոր մասը, փոխանակ իր չունեցած խելքը այպանելու, նստած՝ իրեն վիճակուած բախտը կ՛անիծէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին