Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Խորհրդանշականօրէն Իւրայատուկ Գործողութիւն Մը

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դրօշներու շքերթ։ Երրորդ երկիրը յայտարարուեցաւ ազրպէյճանը: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ ներկաները բողոքի սուլոցներ արձակեցին, երբ դահլիճ բերին ազրպէյճանի դրօշը:  

Քիչ անց ներկաներէն մէկը վազեց բեմ, դրօշը պահող աղջկայ ձեռքէն խլեց ազրպէյճանի դրօշը, վառեց եւ դուրս հանեց դահլիճէն։

Շուտով պարզուեցաւ, որ խորհրդանշական այս գործողութիւնը կատարողը, յայտնի ոճաբան Արամ Նիկոլեանն էր, որ միեւնոյն ժամանակ կը կրէր կազմակերպող մարմնի պիտակ:

Այս գործողութենէն վայրկեաններ չանցած, ֆէյսպուքահայութիւնը համակարգիչի ստեղնաշարին ետեւ նստած Հայրենասիրութիւն սկսաւ ծախել, ոմանք փառաբանելով Արամն ու իր կատարածը, ուրիշներ՝ այպանելով կատարուածը:

Ապրիլ 24է 24 դրօշ այրելու մարմաջը ունեցողներու շարքին չըլլալով հանդերձ, այս յատուկ պարագան կ՛ուզեմ դիտել այլ տեսանկիւնէ.

Անկախ ամէն հանգամանքներէ կամ դաւադրութեան տեսութիւններէ ինչ կը վերաբերի Արամի անձին կամ իր ունեցած նպատակին մասին, հետաքրքրական է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.

  • Կատարուածը՝ իր ժամանակով ու բովանդակութեամբ կարեւոր պատգամ մըն էր:
  • Խորհրդանշական այս գործողութիւնը կատարուեցաւ միջազգային կարեւոր իրադարձութեան մը բացման արարողութեան ժամանակ երբ աշխարհը նստած հեռատեսիլի առջեւ կը հետեւէր այդ արարողութեան:
  • Կարեւոր ապտակ մըն էր, սոյն միջոցառումը կազմակերպած իշխանութեան, որ հակառակ ժողովրդային կամքին կամ զգացական վիճակին կը փորձէ սիրաբանիլ թշնամիին հետ:
  • Ուղերձ մըն էր, Հայ երիտասարդութեան, իւրաքանչիւրը իր հասանելիութեան սահմաններուն մէջ գործնական բան մը ընել մղելու արտայայտելով իր կեցուածքը:
  • Խաղաղութիւն մուրացող իշխանութեան ամբողջ գործիքակազմը իր ֆէյքերով մէկտեղ, գործողութիւնը այպանող իր գրառումներով աւելի եւս բացայայտուեցաւ իր ապազգային քաղաքականութեան մէջ:
  • Թշնամին հասկցաւ, որ իր զինուորներով, լրտեսներով, թէ մարզիկներով Հայաստան մուտքը այնքան ալ ազատ կամ անհետեւանք չէ:
  • Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նախօրէին, Ծիծեռնակաբերդի համալիրին հարեւանութեամբ տեղի ունենալիք սոյն մրցաշարքին եզրափակիչ հանդիսութեան, թշնամիին հիմներգը պիտի չհնչէ մեր բիւրաւոր նահատակներուն հոգիներուն «լսողութեան» տակ:
  • Վերջապէս եւ ո՛չ վերջին. մրցումէն դուրս եկող եւ իրենց երկիրը վերադարձող մարզիկները իւրայատուկ երեւոյթ մը հանդիսացան եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ վերջին 5 տարիներուն, այն ազերին, որ հատելով մեր սահմանները ապօրինաբար մուտք գործեց մեր Հայրենիքը, գրաւելով տարածքներ դուրս չեկաւ անկէ շնորհիւ այսօրուայ մեր  իշխանութեան ապիկարութեան: Հետեւաբար՝ այս խորհրդանշական պարզ գործողութիւնը աւելի ազդեցիկ դուրս եկաւ քան մեր ազգին գլխուն նստած մարդոց, ամէն պարագայի չգործադրած զինուորական կամ դիւանագիտական համապատասխան գործողութիւնները:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ կ՛արժէ այս դիտանկիւնէն ալ գնահատել եղածը: Մինչ ամենակարեւորը՝ միշտ եւ ամէն առիթով կրկնել նման տարողութեամբ գործողութիւններ: Այս բանը,  ի հեճուկս այն իշխանութեան, որ ամէն օր մեր Հայրենիքէն կտոր մը թշնամիին զիջելու չամչնալով հանդերձ, ահաբեկուած է այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքին առջեւ իբր թէ խայտառակուելու վախով, կամ նման մրցումներ Հայաստանի մէջ յառաջիկային չկազմակերպուելու մտահոգութեամբ: Այսինքն մտահոգ է այն «միջազգային ընտանիքին» կարծիքով, որ ամիսներէ ի վեր, 120,000 մարդ արարած  Արցախի մէջ շրջափակուած մնալուն ի տես տակաւին մատը մատին չի զարներ ու խիղճը հանգիստ կը շարունակէ իր յարաբերութիւններն ու գործարքները Ազրպէյճան կոչուող պետութեան մը հետ, պիզնըս էզ իւժուըլ տրամաբանութեամբ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին