Գնահատելով Լիբանանի պասքեպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց եւ աղջկանց խումբերուն յաջողութիւնները, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ի պատիւ մարզիկներուն, Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, ընթրիք մը կազմակերպեց, Սըթ Զըմրրոտ ճաշարանին մէջ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան գնահատեց մարզիկներուն նուիրումը, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով յառաջիկայ տարիներուն: Ան միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց պասքեթպոլի կազմերուն վարչական պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանին,հետեւողական աշխատանքին համար, պասքեթպոլի յանձնախումբի փոխնախագահ Դաւիթ Ճունթոյեանին, Սըթ Ըզմրրոտ ճաշարանի սեփականատէր Սիմոն Ֆարեսին՝ մատուցած հիւրասիրութեան համար:
Այս առիթով, տղոց պասքեթպոլի խումբին մարզիչ Սապահ Խուրի եւ աղջկանց խումբի մարզիչ՝ Էլիաս Մուաուատ ստացան երախտագիտական յուշանուէրեր: