Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ Պատուեց  Իր Պասքեթպոլիստները

Գնահատելով  Լիբանանի պասքեպոլի  Ա.  դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի  տղոց եւ աղջկանց խումբերուն յաջողութիւնները,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ի պատիւ մարզիկներուն, Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլ  2023-ի  երեկոյեան, ընթրիք  մը կազմակերպեց, Սըթ Զըմրրոտ   ճաշարանին մէջ:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեան գնահատեց մարզիկներուն նուիրումը, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով   յառաջիկայ տարիներուն:  Ան  միաժամանակ  շնորհակալութիւն յայտնեց   պասքեթպոլի կազմերուն  վարչական պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանին,հետեւողական աշխատանքին  համար,  պասքեթպոլի յանձնախումբի փոխնախագահ  Դաւիթ Ճունթոյեանին, Սըթ  Ըզմրրոտ  ճաշարանի սեփականատէր Սիմոն Ֆարեսին՝ մատուցած  հիւրասիրութեան   համար:

Այս առիթով,  տղոց  պասքեթպոլի խումբին մարզիչ Սապահ Խուրի եւ աղջկանց խումբի  մարզիչ՝ Էլիաս Մուաուատ ստացան  երախտագիտական յուշանուէրեր: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին